Հակոբ Օշական. Սիւլէյման Էֆէնտի

Հակոբ Օշական. Սիւլէյման Էֆէնտի

Այս մի քանի կարճառոտ հատվածները՝ հանճարեղ Հակոբ Օշականի «Սիւլէյման Էֆէնտի» վեպից, առավել քան այժմեական են այսօր, ուստի եւ սիրով ներկայացնում ենք ընթերցողին։

(հատվածներ վեպից)

***
…երբ թուրքերը Սահմանադրւթիւն հռչակեցին, խղճմտանքի ազատութիւնը տարփողեցին, ցեղերու եղբայրութիւնը երգեցին, բայց նախակրթութիւն իսկ չստացած իրենց տղոց մէջը մշակեցին, վերնադիր սաստկութեամբ, նոյն այն ժահրը, որով թունաւոր վէրք մըն է անոնց պատմութիւնը, մշտահոս, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի եզրերուն։ Եւ սակայն աղ ու հաց կերած էի անոնց հետ։ Կարդացած Վոլթէր։ Ու այդ երիտասարդները պետական մեծ վարժարաններ ունէին իրենց կռնակին։

Ու յետոյ, կուզեմ որ ուղիղ հասկնան զիս։ Թուրքերը կը մեղադրեմ ոչ թե թուրք ըլլալնուն, այլ մանաւանդ ատիկա ծածկել ջանալնուն։

***

Ու յետոյ, չեմ հաւատար արեւմտեան շահապաշտ ու կեղծ համակրանքին, որուն հագցուցին այդ քաղքենի քաղաքակիրթ կառավարութիւնները քրիստոնէական շուրջառ եւ ղրկեցին մեր աւերումը անդաստանելու։

Ասոնցմէ դուրս է անշուշտ թուրքին հարցը։ Ու կուզեմ, որ լրբութիւնը, նենգութիւնը, վայրագութեան ու կեղծիքի հոյակապ խառնուրդ թրքական փոլիթիքան չանցնի աննշմար մերիններէն, միանգամընդմիշտ խարանուած բանի մը նման։ Ու չանցնի աննշմար այն միւս աշխատանքը, որով այդ նենգադաւ գործունէութիւնը անոնք կը հանեն դէպի ազգային, քաղաքական առաքինութիւն։ Անշուշտ մերինները կը հասկնան կարգ մը բաներ։ Օրինակ, կրնանք հավատալ, թէ ամէն թուրք ջարդարար մըն է։ Բայց կը վարանինք ընդունիլ ուրիշ աւելի իմաստուն առածներ։ Օրինակի համար, մենէ քիչեր կը զիջին, որ թուրք խելք ունենայ, ըլլայ քաղաքագէտ։ Հոս է, որ կսկսի մեր մեղքը, ու մեծ հաճույքով կուրանանք այս առաքինութիւնը ժողովուրդի մը վրայ, որ այսքան մեծասփիւռ տագնապները դիմաւորեց ու խաբեց աշխարհը, ոխերիմ թշնամիներու հետ անգամ լեզու գտնելով։

Եղայ թուրքերու հետ, որոնք պակաս էին մարդկութենէ ու կըսէին ատիկա սառնութեամբ, հպարտութեամբ, Գերմանիայէն ապսպրուած բարոյականով մը, ուժին եւ բռնութեան իրենց բնազդները արժեւորելով, հայրենիքին համար արիւնին մէջ  լուացուելու իրենց առհաւութիւնը լաստակերտելով նոր օրերու տարազներով։ Այդ մարդիկը կը սպաննէին տարբեր մտածողը ու կը կարդային Լամարթինի կողմէ գրուած իրենց պատմութիւնը մեծ արհամարհանքով։ Իրենց պատմութեան արժանի պատմիչ անոնք կը սպասէին ու կը սպասեն։

***

Կրօնքը, այսինքն՝ անոր արարողապաշտ մասը տեսակ մը տիսիփլին կը բերեր անոնց ապազգած հոգիներուն, ինչպէս անոր լաստակերտը՝ հեռու աշխարհներն ի վար, անոնց վաչկատունի շատ հզոր բնազդներուն անհրաժեշտ նախանիւթը։ Գոնէ ամէն օր կը փոխադրուէին այն երկիրներուն մէջ, ուր մահիկը կիշխէ։ Համիսլամութիւնը Սուլթան Համիդին ծնունդը չէ, այլ՝ թուրքերուն հնօրեայ օրինատախտակը, զոր ուսամբարձ կը կրեն տասը դարէ ի վեր։ Միջին ժամանակներուն, անոնք բանակներու յանձնած էին այդ տախտակին շրջագայումը երկրէ երկիր։ Հիմա, Անգարայի իմաստունները իրենք զիրենք անհաղորդ կը յայտարարեն այդ երազին, տղայ խաբելու գեղեցիկ միամտութեամբ մը։ Ու չեն անդրադառնար, որ իրենց եռանդը զիրենք թափանցիկ ընելու չափ կը կարմրցնէ, երբ պարտութեանց եւ յաղթանակներու հաշուեյարդարը առկախած՝ հազար կտոր կըլլան իրենց նախնիքներուն քաղաքակրթութիւն մը ճարելու։ Իրենց նուիրական ցե՜ղը։ Ասիոյ մեծ ադամա՜նդը։ Եւրոպական մշակոյթին արմա՜տը։ Ասոնք յաւակնութիւններ չեն, այլ՝ թրքաբար ապացուցուած ճշմարտութիւններ։ Ազնիւ ու առաքինի ա՜զգը։ Որ տուած է աշխարհին քանի մը մեծ կայսրութիւններ։ Որ կը ձգուի տակաւին այսօր, մինչեւ Պուխարա ու Թաշկէնտ։ Երէկ՝ մինչեւ Գանգէս։ Ու ինչո՞ւ չէ, վաղը՝ մինչեւ Գոնկո։ Այս ամէնը որքան ճիշդ այսօր, ճիշդ էին կէս դար առաջ ալ։ Ու մասունք հաւատոյ, երեսուն տարի առաջ, երբ արգիլուած էր ուսանողի մը ուրիշ ամէն հետաքրքրութիւն իմացական մարզէ։

Ու կը հաւատային այդ տղաքը բոլոր անոնց, որոնց խօսքը կը տարածէր սա ցանկութիւնները։ Ու կը հաւատային խստադէմ, այցելու հազարապետի մը, հաստկեկ ու նեղմիտ, որ Գերմանիա ուսում ըրած - մարզանք էր սորվածը - կը պատմէր, անլուր հպարտութեամբ իր վիճաբանութիւնները թրքական բանակին յարձակող արժեքին մասին… Պիզմարքի հետ, որուն հետ ամէն կէսօր կը ճաշէր Պերլին… Ու կը հաւատային այդ տղաքը հազարապետին ալ քաջութեան, որ իր պապերուն կշիռովը չափուած, փորձուած անշուշտ՝ քանի մը դար - ամէն թուրք խտութիւն մըն է պատմութեան մը - բաւ էր աշխարհը վերիվար շրջելու։ Թող տային այդ մարդուն հարիւր հազար իր ուզածին պէս զինուոր (ինչո՞ւ չէր մտածիր իր աստիճանին, որ միայն հազար մարդ կը տրամադրէր իր խելքին), անոր պեխերը թող բուսնէին մօրը այսինչ տեղը, եթէ սուտ էր ըսածը (թուրքերուն ամէն ընթացիկ բառ սեռական մարզերուն մէջ գործող մագնիսի մը կը հպատակի, երդումն իսկ դուրս չէ օրէնքէն), երկու շաբաթէն անիկա այդ բանակը, յաղթակա՜ն, կը տանէր Վիեննայի պարիսպներուն տակ։ Ու երջանիկ զօրավարը - հոգ չէ թէ հազարապետ - չէր գիտեր նոյնիսկ, թէ Վիեննան անպարիսպ քաղաք է այսօր։ Հեքիաթ չէր ասիկա, այլ՝ պատմական, վաւերական իրողութիւն, անցեալով կանգուն, ներկային մէջ հակափորձը միայն պակաս։

Անոնք անխախտ կը պահին ոսկեզօծ հաւատքը, տեսնելու, կերտելու գերազանց յաղթանակը, անոր օրը, այնքան մօտ եւ այնքան ալ հեռու, երբ Արեւելքը ամբողջ (որ իրենց եռանդին մէջ բնակուած կընէին թուրքերէ, պարպելով զայն հնդիկներէն ու չինացիներէն՝ Ճափոնը միայն ընդունելով, ան ալ իբրեւ նմանութան եզր մը Ծայրագոյն եւ Մերձագոյն Արեւելքներու միջեւ), իրենց առաջնորդութեամբը մէկ շունչով պիտի խոյանար Արեւմուտքին վրայ, վերադարձնելով հսկայ դարը, նուաճումին ու արիւնի նախճիրին, փոխադրելով կայսրութեան սահմանները շատ ավելի հեռուն, քան պատմութեան դասով, կաւիճին կեցած գիծը։ Ասիկա ուխտն էր, գերագոյն հաղորդութիւնը, ճինկիզներու սարսափին վերակերտումը, իրենց հարազատ պապերուն արիւնէն։

Ու այս պաշտամունքը, շատ աւելի պիրկ, շատ աւելի ամրահիւս, քան աւազակին նախորդները (հարաւէն՝ արաբներով, արեւելքէն՝ թաթարներով), այդ աղկաղկ, իգացած, աղջիկի պէս նազոտ ու մազերնին վարդաջուրով փայլեցնող էֆենտիները կը տանէր դիւրին, բառական հերոսութեան։ Օր մը քաղաքական կամ զինուորական ասպարէզին համար պատրաստուող այդ երիտասարդութիւնը արժեցուց ցեղային ուխտը, անզէն ժողովուրդներ մորթելու փառքին մեջ գտնելով անգերազանցելի հերոսութիւնը նախնիքներուն։

Այդ օրերուն սակայն (հայկական ջարդերը 4-5 տարիով կը մնային անոնց ետին) ինչ որ իրենց անմիջական հայրերը կատարեր էին, կայսրութեան շատ մը քաղաքներուն մէջ, հայկական ըմբոստութիւնը այնքան գեղեցկութեամբ արդիւնաւորելով, ու երկու-երեք յուսահատական պոռթկումները շահագործելով հոյակապ իմաստութեամբ մը, նախավայելք մըն էր հարկաւ։ Իրենք, այդ հայրերուն տղաքը, քանակ ու մատիտ ձեռքերնին, գրասեղաններուն վրայ, հայ մորթելուն արիութիւնը գրեթէ կուրանային, այդ արտաքին ամոթէն ոչ թե յուզուելնուն, այլ անարժան ընդունելով զայն իրենց ցեղային վեհանձնութեան, իրենց բառովը՝ մերտութեան, որ հարազատորէն չի թարգմանուիր, իրենց կատաղութեան բռունցքը յարդարելով Եւրոպային վրայ, զոր կը չախէին խոզկաղինի նման։ Ու կը ջարդէին Ամերիկան, որ քրիստոնեայ իր հաւատեղբայրներուն օգնել փութալու յիմարութիւնը պիտի գործէր հարկաւ ու կը տիրէին աշխարհին Հինդիգուշէն մինչեւ Ալպերը, չգիտնալով, թէ ինչո՞ւ բաց կձգէին հողերը, ընդմէջ Ատլանտեանի եւ Խաղաղականի։ Զարմանա՞լ։ Մեզի համար պարզ բառ է ատիկա։ Թուրքերը, իրենց պատանիներուն մէջ այդ գաղափարները մշակելով՝ պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ միայն կը թարմացնէին։

 

Քաղաբերեց եւ ներկայացրեց Վարդան ՖԵՐԵՇԵԹՅԱՆԸ
«Մշակութային Հրապարակ» ամսաթերթ