Ինչո՞ւ Սփյուռքի տարի

Ինչո՞ւ Սփյուռքի տարի

Փոքր ներածականով մը պիտի սկսիմ յօդուածներու այս շարքը, որովհետեւ սփիւռքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեզի պարտադրուած արտագաղթ` ցեղասպանութեան ու ապա այլ երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական անկայուն պայմաններու հետեւանքով: Արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է անկասկած: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար, ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին, թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով , սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ եւ այլուր:

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան, նամանաւանդ վերջին սահմռկեցուցիչ 44 օրեայ  պատերազմի կորուստէն ետք:

Ճիշդ է` որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ երբեք չի’ դատապարտեց եւ տակաւին չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

Արդեօք իրաւունք չունի՞նք ըսելու որ զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը: Ահաւասիկ այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ սփիւռքի ղեկավարութիւնը ձեռնածալ մնաց, չպատրաստեց երկարաժամկէտ ծրագիրներ եւ ահա այսօր յանկարծ իր թմբիրէն արթնցողի նման կը յիշէ որ սփիւռք մը կայ որ վաղուց մաշումի, գունաթափութեան եւ ինքնութեան կորուստի ճանապարհին էր: ՈՒ՞Ր ԷՐ ՀԵՌԱՏԵՍ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ...

Անկասկած որ Արամ Կաթողիկոս լուրջ պատճառներ ունի մտահոգուելու սփիւռքի մասին, թէեւ ուշացած: Սփիւռքի մաշումը սկսած է 50 երկար տարիներէ իվեր, նամանաւանդ Լիբանանեան քաղացիական պատերազմի օրհասական օրերէն: Ժողովուրդը մնաց անտէր անտիրական եւ ո'վ որ առիթը գտաւ, գաղթականութեան ցուպը ձեռքին հեռացաւ առանց ետեւ նայելու: Այդ դժբախտ եւ դաժան տարիներուն ի՞նչ երկարաժամկէտ ծրագիրներ պատրաստեցին այդ օրերու հոգեւոր եւ աաշխարհիկ «ղեկավարները» որպէսզի հայութիւնը պահէին Լիբանանի մէջ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը արեւմտահայեր էին, այսինքն ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի մը զաւակներն ու թոռները: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ անկասկած, բայց ինչո՞ւ….եւ ին՞չ են պատճառները: 

1- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԵՒ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐ.

Ընկերային եւ տնտեսական պայմանները որոնք յառաջ եկան Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն, շարունակուեցան եւ երբէք իրենց աւարտին չհասան, որովհետեւ՝   ի պատիւ իրերայաջորդ ձախող ղեվարութիւներու «հասուն» քաղաքականութեան, երկիրը պահեցին անդադար ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ, ուր իրենց խոշոր բաժինը բերին տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս գերհզօր պետութիւններ. Այլ խօսքով, Լիբանան խաղաքարտ մըն էր Միջին արեւելեան քաղաքական մեծ հաշիւներուն մէջ: Եւ այս բոլորի ընթացքին մեր ղեկավարութիւնը մնած լուսանցքային եւ անկարող, նոյն ատեն սառնութեամբ եւ անտարբերութեամբ դիտեց լիբանանահայութեան նօսրացումը: 

Այս բոլորէն ետք, այսինքն անհեռատես հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան ձախողութենէն ետք, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ սփիւռքը անտարբեր չըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ չըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, եւ յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Այո' երիտասարդութիւնը ո'չ թէ  սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն, այլ ընհահառակը դառնութեամբ դիտելէ ետք «ղեկավարութեան» անհեռատես քաղաքականութիւնը, չփափաքիր ո'չ մէկ ձեւով ինքզինք կապուած զգալ իր ազգային-մշակութային ակունքներուն եւ ճիշդ անոր համար սովորական, բնական կը նկատէ օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ : 

Ինքնութեան պահպանումի մասին՝ բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը, պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ են, ամփոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու: Ո'չ ոք մտածեց թէ ու՞ր կերթայ սփիւռքը:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ  Շար. Ա.