«Գառնուկի մորթով գայլը» Սորոսի՝ «Բաց հասարակություններ» կը կոչուի

«Գառնուկի մորթով գայլը» Սորոսի՝ «Բաց հասարակություններ» կը կոչուի

20-րդ դարի 90-ականներուն, երբ Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով՝ կը քայքայուէր երկբեւեռ աշխարհակարգի Սոցիալիզմի բեւեռի ճակատը, ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ Կապիտալիզմի բեւեռը ողջ աշխարհին պարտադրելու նպատակով, փորձեց ստեղծել միաբեւեռ աշխարհակարգ (այսինքն՝ իր միահեծան աշխարհակալութիւնը), GLOBALIZATION մոլորեցնող անուան տակ (իբր թէ՝ աշխարհի ժողովուրդները միաւորելու վսեմ իտէալով)։

Այս GLOBALIZATION-ը հիմնաւորելու համար, ամերիկեան իմփերիալիզմի գրչակ՝ Francis Fukuyama-ն, գրեց իր տխրահռչակ «Պատմութեան Վախճանը» (“The End of History”) խորագրով գիրքը, ըստ որուն, մարդկութեան զարգացման հոլովոյթը դադրած է, քանի որ հասած է զարգացման կատարելագոյն մակարդակին՝ կապիտալիստական հասարակարգին վերջնական յաղթանակով, եւ՝ սոցիալիստական հասարակարգին վերջնական պարտութեամբ։ Հետեւաբար, ժամանակավրէպ դարձած են պետութիւններու ազգային սահմանները եւ գոց հասարակութիւնները, որոնք պէտք է վերացուին՝ բաց սահմաններով միաւորելու համար մարդկութիւնը։ Այսինքն. բոլոր երկիրներու սահմանները բանալ ամերիկեան իմփերիալիզմին առջեւ, որպէսզի կարենան հասնիլ ԱՄՆ-ի զարգացման մակարդակին։  

Եւ՝ միլիառատէր Ճորճ Սորոս հիմնադրած է «Բաց Հասարակութիւններ» հիմնադրամը, դրամաշնորհներ բաշխելու համար այն ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն (Non-Governmental Organizations _ NGO), որոնք պիտի քայքայեն ու տապալեն իրենց երկրի ազգային կառավարութիւնները եւ գոց հասարակութիւնները, որոնք կառչած կը մնան՝ ազգութեան, ազգային կրօնքին, պատմութեան, ազգային տնտեսութիւնը պաշտպանող մաքսատուներուն, ազգային մշակոյթին, լեզուին եւ արուեստին…։ Կարճ խօսքով. երբ բոլոր երկիրները պէտք է ջանան հասնիլ ԱՄՆ-ի զարգացման մակարդակին, որ pinnacle-ն է, ոչ միայն պէտք է ունենան ԱՄՆ-ի վայրի դրամատիրական տնտեսակարգը, այլեւ՝ նմանին անոր melting pot-ի նախատիպարին, որ ազգային չէ, այլ՝ cosmppolitan (աշխարհաքաղաքացիական կամ տիեզերաքաղաքացիական), քանի որ ԱՄՆ-ը չունի միասնական ազգութիւն (այլ՝ ազգութիւններու ձուլարան մըն է, որուն բնակչութեան «ազգութիւն»ը ԱՄՆ-ի պետութեան հպատակութիւնն է, որ ազգ-պետութիւններու (nation-state) յատուկ սահմանում մըն է, որ գլխովին տարբեր է ազգի իրական սահմանումէն, որ ժողովուրդի մը ազգութեան բաղադրիչ տարրերը կը նկատէ՝ անոր անցեալի պատմութիւնը, նոյն մշակոյթը, նոյն հայրենիքը եւ նոյն ժողովուրդին պատկանելու գիտակցութիւնը։
Ուրեմն. պէտք է մոռնալ՝ անցեալի պատմութիւնը, անցեալի սահմաններու անարդար կատարուած փաստերը, ցեղասպանութիւններըը, զանգուածային տեղահանութիւնները եւ պատմական իրաւունքների հիմամբ հողային պահանջատիրութիւնը, որ իռացիոնալ ռոմանտիկա է, ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, որ պնդեց. «Պատմութիւնը գիտական կատեգորիա չէ, ֆիկցիա է…», եւ՝ իր իշխանութեան օրով Սորոսի վիրուսը մուտք գործեց Արեւելահայաստան։

Այլ խօսքով. GLOBALIZATION-ը ո՛չ բնական զարգացումով համաշխարհայնացում է, եւ ոչ ալ՝ մանաւանդ միջազգայնականութիւն, այլ՝ ողջ երկրագունտին գրաւումը ամերիկեան իմփերիալիզմին կողմէ։ Globe-ը երկրագունտն է, եւ ոչ թէ աշխարհը, որ բնակուած երկրագունտն է, եւ իր բնակչութեամբ միայն արժէք մըն է եւ հարստութիւն մը։ Հայերս, արաբները եւ ֆրանսացիները կը գործածեն համաշխարհայնացում, عولمة եւ mondialisation եզրերը, որոնք կապ չունին ամերիկեան երկրագնտացումին հետ, որ ծաւալապաշտական ախորժակ եւ միտում կը մատնէ։ Օրինակ. զարմանալի չէ որ փանթուրք թուրքերը եւս կը գործածեն ամերիկեան երկրագնտացումը (küreselleşme)… (küre արաբերէն كرة բառն է)։

Ուրեմն. դարձեալ ծաւալապաշտական, քանի որ Թուրքիա ԱՄՆ-ի ՕԹԱՆ-եան զինակիցն է…։ Իսկական համաշխարհայնացումը պատերազմով չի պարտադրուիր, այլ՝ հետեւանքը կ՚ըլլայ բնական պատմական զարգացումի մը՝ բոլոր ազգերու աստիճանական համարկումով իրարու հետ (սերտաճելու եւ ընդելուզումի ճամբով), եւ ոչ թէ՝ տկար ազգերու ձուլումովը հզօր ազգին մէջ։ Իսկ Միջազգայնականութիւնը չի վերացներ ազգերը, այլ՝ ազգերու միջեւ բարեկամութիւն, համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը քաջալերէ։

Այլ խօսքով. Սորոսի «Բաց Հասարակութիւններ» անունով ծուղակը, որ ԱՄՆ-ի American Academy of War-ի ղեկավարած խլրթային ցանցերէն մէկն է, հրաւէր մը չէ՝ ո՛չ Համաշխարհայնացումի, եւ ոչ ալ մանաւանդ՝ Միջազգայնականութեան (այլ՝ ծուղակ մը, բաց դուռեր ստեղծելու համար ամերիկեան իմփերիալիզմի աշխարհակալութեան առջեւ)։ Եւ՝ Հայաստանի մէջ հաստատեց իր գրասենեակը, տեղի ապազգային իշխանութիւնները կաշառելով, որպէսզի քանդէ պետութիւնը, սպաննէ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւնը՝ ամերիկեան հայագիտութեան նենգափոխումներով վերջ դնէ հայ-ռուս բարեկամութեան ու զինակցութեան, Արեւելահայաստանը վերածելու համար ամերիկեան գաղութի եւ ռազմախարիսխի՝ Ռուսաստանի դէմ, որպէս շրջանին մէջ ԱՄՆ-ի օֆֆշոր 3-րդ խարիսխը (Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ կողքին)։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կնքահայրութեամբ Արեւելահայաստան մուտք գործած Սորոսի գրասենեակը՝ քսան տարիներ (1997-2017) անարգել դրամաշնորհներ բաշխելով, կազմակերպած էր տասնեակներով ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ (NGO), որոնք 2018 թուին նոր թափ առնելով (Փաշինեանի յեղաշրջումին), պաշտօնապէս մշակեցին 65 էջերէ բաղկացած փլաթֆորմ մը, աշխատանքի հետեւեալ պետականաքանդ վերնագրով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնմանն Ուղղուած Անհրաժեշտ Բարեփոխումների Հայեցակարգ – Ճանապարհային Քարտէզ», որ կը տկարացնէ պետութեան հիմքերը, կը պառակտէ հասարակութիւնը՝ ազգայնական արժեհամակարգէն հեռացնելով զայն, իբր վախճանական նպատակ հետապնդելով երկրի իշխանութեան զաւթումը… Սերժ Սարգսեանի օրով։

Սորոս կը չարաշահէ Գ. Օլիգարխիկ Հանրապետութեան աւազակապետական համակարգէն դժգոհ ժողովուրդին արդարացի ատելութիւնը համակարգին դէմ, զայն տապալելով հաստատելու համար հակառուսական, ամերիկամէտ համակարգ մը, որուն առաջադրանքներուն առաջինը՝ ռուսական ռազմակայանի դուրս հանումը Հայաստանէն, նախապէս ալ՝ Հայաստանը դուրս հանելով Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն…։

Սորոս վարձած է նաեւ վկայեալ մասնագէտ մտաւորականներ, որոնք կը հիմնաւորեն եւ անհրաժեշտ կը ներկայացնեն իր ազգաքանդ առաջադրանքները։ Օրինակ. նախկին դոկտոր-փրոֆեսորներ, որոնք այս համակարգին մէջ մատնուած են նիւթական սուր տագնապի (ինչպէս է պարագան Արա Պապեանի, որ իր ղեկավարած հիմնարկին անունով կը յայտարարէ. «Ռուսական ռազմակայանին գոյութիւնը Հայաստանում, զայն դարձնում է խոցելի…», անբարեխիղճ կերպով ուրանալով այդ ռազմակայանի առաքելութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան՝ թրքական վտանգին դէմ)։

Եւ՝ Սորոսի Երեւանի գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհին՝ Լարիսա Մինասեան, բացարձակ անամօթխածութեամբ կը յայտարարէ, թէ Սորոս տարեկան քանի միլիոն տոլարի դրամաշնորհներ կը բաշխէ երկրէն ներս (NGO կազմակերպութիւններուն, անհատ մտաւորականներուն եւ մամուլին ալ…)։

Իսկ գրասենեակի վարչութեան նախագահը՝ Գարեգին Չուգասզեան, որ 2012 թուին Երեւանի մէջ կազմեց հակապետական խորհրդարանը, որուն անունն էր «Նախախորհրդարան», ըսել ուզելով թէ ներկայ խորհրդարանին պիտի յաջորդէ այս կազմը, որ 2016-ին փոխարինուեցաւ «Հիմնադիր Խորհուրդ»ի (դարձեալ Չուգասզեանի նախագահութեամբ, եւ՝ փոխ-նախագահութեամբը Վարուժան Աւետիսեանի)։ Իսկ այս կազմին անդամներէն էին՝ տխրահռչակ Ժիրայր Սեֆիլեանը, Եղիա Ներսիսեանը, Գէորգ Սաֆարեանը, եւ՝ ԱՍԱԼԱ-ի նախկին ղեկավարներէն ու նախկին դաշնակցական, աչքերուն լոյսը առաքելութեան մէջ կորսնցուցած մաքրամաքուր եւ թշուառութեան մատնուած խիզախ ազատամարտիկ Ալեք  Ենիգոմշեանը…։
Եւ՝ այս կազմին էր 2016 թ. Յունիսին զինեալ ներխուժումը Երեւանի պետական պաշտպանութեան կեդրոնին վրայ…։

Այս կազմը յայտարարեց. «Մենք ստեղծում ենք նոր պետութիւն… մենք զէնք ենք վերցրել, քանի որ համոզուած ենք որ այլ եղանակով անհնար է փոփոխութիւնների հասնել…»։

ՍՈՐՈՍ՝ ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄ

Ներկայ պետութիւնը հարկ է քանդել, որպէսզի նոր պետութիւն ստեղծուի։ Եւ այդ իրականացնելու համար, հարկաւ, այդ պետութեան պաշտպան ու պահապան ազգային բանակը հարուածել (նախ՝ բարոյապէս, ապա՝ զինեալ պայքարով)։
ՀՀ Ազգային Բանակը բարոյապէս հարուածելու ձեւ մըն է ատոր վարկաբեկումը յաչս ժողովուրդը, եւ՝ հեղինակազրկումը։
Հետեւաբար, Վանաձորի Սորոսեան Գրասենեակի պատասխանատու ղեկավարը՝ Արթուր Մաքունց, հրապարակաւ կը յայտարարէ. «Ազգային բանակի յղացքը բացարձակապէս, ես ձեզ վստահեցնում եմ, պատերազմի հետ գործ չունի, ոչ էլ Ղարաբաղեան Կոնֆլիկտի հետ առնչութիւն ունի։ Դա՝ իր բովանդակութեամբ, բռնատիրական իշխանութեան ապահովման ու ամրապնդման հիմքերի ձեւաւորման ծրագիր է»։
Ասիկա շատ աւելին է քան վարկաբեկումն ու հեղինակազրկումը. բանակը թշնամի ցոյց տալ է յաչս ժողովուրդին, երկրի մը մէջ, որ աքցանուած է երկու գոյութենական թշնամիներով։ Այսպիսի հարիւր տոկոսով հայավնաս եւ հարիւր տոկոսով ալ թուրքեւթաթարանպաստ քարոզչութիւնը՝ հայու մը կողմէ եւ Հայաստանի մէջ… ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի ապազգային Արշակաւանի վերածուած էր Արեւելահայաստանի պետութիւնը Գ. Հանրապետութեան օրով, եւ թէ ինչպիսի ազգաքանդ անիշխանութիւն կը տիրէր հոն, որ յանգեցաւ ներկայ խայտառակ պարտութեան։

ՍՈՐՈՍ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Նոյն Վանաձորի Սորոսեան Գրասենեակի «կանանց» բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Լարա Ահարոնեան, կը համարձակի ուրանալ ու մերժել Արցախի հայկականութիւնը, հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. «Այն մարդիկ, որ ապրում են կամ որոշում են ապրել կամ կարծում են, որ իրենց ապրած տարածքը իրենցն է, բայց դա շատ կարող է փոփոխական լինի։ Կարող է ես վաղը որոշեմ գնալ ապրեմ Ղարաբաղում, դրա իմը լինելու յղացքը ես չեմ հասկանում։ Ինչո՞ւ պիտի մի բան քոնը լինի։ Դա էնտեղ է մնում։ Ես ժամանակաւոր օգտւում եմ էդ բաներից եւ փորձում եմ մի լաւ բան անել էնտեղ։ Հիմա քոնն է քոնը չի, էս յղացքը ես կարծում եմ՝ հայրիշխանական ժամանցուած յղացք է։ Ամէն անգամ սեփականութիւն, իմը, իմը, ինձ տուէք էս տարածքը-էն տարածքը… ԱԶԳԱՅԻՆԸ ՇԱՏ ՀԻ՜Ն ՀԱՅՐԻՇԽԱՆԱԿԱՆ Է»։
Ասիկա՝ անճոռնի լեզուով եւ ամբոխավարական տրամաբանութեամբ մատնոցախաղ մըն է, ժողովուրդին մօտ կորսնցնելու համար հայրենիքի մը, ազգի մը կամ ժողովուրդի մը պատկանելու զգացումն ու գիտակցութիւնը, քաջալերելով՝ ազգի մը, ժողովուրդի մը եւ հայրենիքի մը հանդէպ պատասխանատւութենէ եւ յանձնառութենէ փախուստը, որպէսզի Սորոսի պաշտպանած իմփերիալիստ ԱՄՆ-ը անարգել ներխուժէ մարդոց հայրենիքները… երբ մարդիկ դադրին՝ ժողովուրդի մը, ազգի մը եւ հայրենիքի մը պատկանելէ, եւ դառնան cosmopolitan աշխարհաքաղաքացի (սոսկ անհատներ եւ յաւիտենական զբօսաշրջիկներ) եւ չկառչին՝ հայրենիքի մը, ազգի մը կամ ժողովուրդի մը, նոյնիսկ բնակարանի մը սեփականութեան։ Քանի որ ամերիկեան իմփերիալիզմի կապիտալիզմը ինքն է սեփականաշնորհումները ստեղծողը եւ կ՚ուզէ ինք առանձինն սեփականացնել ամէն ինչ եւ ամէն բան…։

ՍՈՐՈՍ՝ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ

Ազգայինը՝ հի՜ն ժամանցուած հայրիշխանութիւն նկատող Սորոսեան քարոզիչները, ոչ միայն կը բազմացնեն ու կը զօրացնեն գոյնզգոյն ծածկագիտական աղանդաւորական կասկածելի շարժումները երկրին մէջ, «խղճի ազատութիւն»ը յարգելու պատրուակին տակ, այլեւ՝ կը ջանան վերջ դնել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցիի կարգավիճակին, եւ զայն դասել միւս աղանդներու շարքին։ Ասոնք նոյնիսկ պահանջեցին Հայաստանի Կրթական Ծրագրէն դուրս հանել Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն նիւթը, իբր թէ բաւարար գտնելով Հայոց Պատմութեան դասագիրքերուն մէջ եղած յիշատակութիւնները։ Մինչդեռ, հայ պետականութեան բացակայութեան երկարատեւ դարերուն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եղաւ պետութիւնը փոխարինող այն կառոյցը, որ պահպանեց հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը… եւ ճիշդ ա՛յս է Սորոսի թշնամանքին պատճառը։ Սորոս թշնամին է բոլոր ազգային եկեղեցիներուն, որոնք դէմ են ամերիկեան իմփերիալիզմի աշխարհակալական GLOBALIZATION-ին եւ կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, որմէ զուրկ է ԱՄՆ-ը՝ ազգերու ձուլարանը, ուր ազգային պատկանելիութիւնը փոխարինուած է պետութեան հպատակութեամբ (այսինքն՝ պետութեան մը հպատակութիւնը կ՚որոշէ անձին էթնիկ ինքնութիւնը, որ հիմնովին հակառակն է ազգութեան հին, դասական սահմանումին, որ արեւելեան է եւ սոցիալիստական)։ Սովետ քաղաքացիի անցագիրին մէջ միշտ կը յիշուէին, իրարմէ անջատաբար, անձին ազգութիւնը եւ հպատակութիւնը։ Իսկ մենք՝ հայերս, արեւելեան ենք եւ մեր ազգային ինքնութիւնը կրցած ենք պահպանել, որովհետեւ մերժած ենք մեր հպատակութեան երկրին տալ ազգային պատկանելիութիւն…։

ՍՈՐՈՍ՝ ԸՆԴԴԷՄ ՀՀ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՇՈՒՆՉԻՆ

Սորոսեան հայեցակարգը բովանդակող 65 էջանի փաստաթուղթին մէջ, բոցակէզ կրակ բացուած է ՀՀ Կրթական Ծրագրին մէջ՝ ենթադրաբար գոյութիւն ունեցող չափազանցեալ ու վնասակար հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան շունչին դէմ։ Մինչդեռ, տակաւին բնական արժեչափերով գոյութիւն չունին նման շունչի արտայայտութիւններ Գ. Հանրապետութեան ապազգային համակարգին պատճառով…։ Սակայն, Սորոսականներ, յամառելով իրենց զրպարտութեան վրայ, նոյնիսկ արտօնութիւն ունեցան (Փաշինեանի վարչակարգին կողմէ) Երեւան հրաւիրելու Թուրքիոյ մէջ Սորոսեան Գրասենեակի թուրք պատմագէտներ, որպէսզի սերտեն Հայաստանի մէջ գործածուող Հայոց Պատմութեան դասագիրքերը եւ երեւան հանել այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան ոգին ունեցող արտայայտութիւնները եւ սրբագրել զանոնք։ Եւ՝ ահաւատալի բայց իրաւ, թուրք սորոսական պատմագէտներ եկան Երեւան, սերտեցին դասագիրքերը եւ պատրաստեցին վերատեսութեան ենթարկուելու նախագիծ մը, որուն դրապէս արձագանգեց Փաշինեան հետեւեալ ափսոսալի բառերով. «Այն նախագիծը որը դրուած է շրջանառութեան մէջ, արտայայտում է մեր ռազմավարական պատկերացումները հանրակրթութիւնում անհրաժեշտ բարեփոխումների վերաբերեալ…»։

Սակայն, ժողովուրդը Փաշինեանէն կը պահանջէ թափանցիկ պատասխան մը, եւ ոչ թէ անոր «թաւշեա՜յ» յեղափոխութեան ծրագրին նման մշուշեայ պատասխան մը։ Չի բաւեր ըսել թէ թուրք պատմագէտներու նախագիծը կ՚արտայայտէ իր ռազմավարական պատկերացումները հարցին վերաբերեալ։ Այլ՝ կը պահանջուի մշուշազերծել իր ռազմավարութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ. անպայմանադիր հաշտութի՞ւն է ձրիօրէն (ցիւրիխեան փրոթոքոլներուն ձեւով) թէ՝ ի՞նչ։
Դանիէլ Վարուժան պահանջած է՝ որ ազգային կարեւոր հարցերու պարագային, պէտք է խօսիլ առանց փողկապի եւ ձեռնոցի, եւ տալ՝ ամէն բանի բուն անունը. արեւի պէս պայծառ ու բացորոշ անունը, առանց դարձուածքաբանութեան, առանց մշուշապատումի եւ առանց երկիմաստ կամ անիմաստ բառեր գործածելու, որոնց դիմակին ետին թաքնուած չըլլայ հայ ժողովուրդի թշնամի Սորոսի «Բաց Հասարակութիւններ» կոչուած՝ «Գառնուկի Մորթով Գայլ»ը։
Փաշինեանի չխոստովանած ռազմավարութիւնը (այսինքն՝ արեւելումը) արեւմտաթրքականն է՝ ռուսականին դէմ, զոր ֆինանսաւորեց Սորոս, խզելու համար Հայաստանի կապերը Ռուսաստանի հետ, եւ առանց նախապայմաններու բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ։ Այսինքն. Հայաստանը մղել մոռնալու Արեւմտահայաստանն ու Արցախը, որոնք «մեռեալ անցեալին կը պատկանին, որ Պատմութիւնն է»։ Իսկ Պատմութիւնը, ըստ Սորոսի առաջին սանի՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, գիտական կատեգորիա չէ, այլ՝ պարզապէս ֆիկցիա։

ՍՈՐՈՍ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻՆ ԴԷՄ

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրէն այս աթոմակայանը փակուած էր սուտ-սուտ լուրեր տարածելով անոր իբր թէ ներկայացուցած շինծու վտանգներուն պատրուակով։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աշկերտ Փաշինեանի իշխանութեան գալը օգտագործելով, Սորոսի Գրասենեակը ուզեց յետս կոչել տալ 2014 թուին Ռուսաստանի հետ Աթոմակայանի շահագործումի ժամկէտին երկարաձգումին շուրջ կնքուած Համաձայնագիրը։ Եւ Սորոսի գործակալներու խմբագրած 65 էջանի փաստաթուղթին մէջ, յստակօրէն նշուած է (վերը յիշուած առաջադրանքներու շարքին) նաեւ՝ այս Համաձայնագրի յետս կոչումին անհրաժեշտութիւնը, հակառակ անոր որ Աթոմակայանի շահագործումը մեծ նպաստ մըն է երկրի տնտեսութեան (Սորոսի պաշտպանած Թուրքիան ինքը դիմեց Ռուսաստանին՝ աթոմակայան մուրալով…)։ Եւ Սորոսի գործակալները Փաշինեանէն պահանջեցին յետս կոչել այդ Համաձայնագիրը։ Փաշինեան, 11 Յունիս 2020 թուին, վերջին պատերազմի նախօրէին, յետս կոչեց այդ Համաձայնագիրը… (երբ Իսրայէլի “Jerusalem Post”ը կը բացայայտէր թէ թրքական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը Յունիսին մշակած է ներխուժումի ծրագիր մը Հայաստանի եւ Յունաստանի դէմ)։ Ասիկա՝ ողբերգա-երգիծական տռամ մըն է, երբ մէկ կողմէ Ռուսաստանի թշնամի Թուրքիան աթոմակայան կը մուրայ թշնամիէն, իսկ Ռուսաստանի զինակցութեան ապաւինած Հայաստան (թուրք-ազերի վտանգին դէմ) յետս կը կոչէ զինակից Ռուսաստանի աջակցութիւնը իր աթոմակայանի շահագործման համար…։
Եւ՝ Փաշինեանի այս ստրկական անձնատւութեան վրայ, Սորոս այլեւս անհրաժեշտ չի գտներ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ 1999 թուէն ի վեր իր բացած գրասենեակները եւ կը փակէ զանոնք…։
Դար մը առաջ, Յովհաննէս Քաջազնունին, իբր գիտական պատրաստութիւն ունեցող երկրաչափ, եւ իբր քաղաքագէտ փորձառու վարչապետ, յստակօրէն ցոյց տուած էր, թէ՝ Արեւելահայաստանի յուսալի արեւելումը ռուսական օրիանթացիան է, եւ ոչ թէ՝ թրքականը։ Այդ դարի ողջ երկայնքին, պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ Արեւելահայաստանի մահաբեր արեւելումը արեւմտաթրքական օրիանթացիան է։ Ստեփան Տեփոյեանի բառերով՝ «խաբուիլ սիրող» մեր ժողովուրդը այսքա՜ն բթամի՞տ է ուրեմն… կամ՝ այսքա՜ն ստրկամի՞տ։ Քաւ լիցի։ Ան այսքան երկար վարակուած է ապաւինողականութեան «մանկական հիւանդութենէն»։

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ