Պարտության դասն ու Վերածննդի պահը

Պարտության դասն ու Վերածննդի պահը

Մի կեանք ունեմ Հայրենիք, քեզ եմ տալիս:                                                                              

Գնդապետ Մազմանեան
                                                                                                                                                                      Ինքզինք յարգող ազգը, առանց ինքնարդարացման պատրուակներ յօրինելու ու առանց բարոյական յաղթանակներ որոնելու, պարտութիւնը կ'ընդունի քաջաբար, հետեւանքները կը դիմագրաւէ քաջաբար, կը սկսի վէրքերը բուժել քաջաբար ու ազգն ու երկիրը վերակառուցել՝ ջանասիրաբար:
Սակայն, մենք իբրեւ ազգ չպարտուեցանք:

Ազերիները մեզմէ տաս անգամ աւելի զոհեր տուին ու արիւն թափեցին, անոնք շահեցան բայց չյաղթեցին: Յաղթեցին թուրքերն ու յատկապէս՝ Ռուսերը: Մենք կռուեցանք, մեր բանակն ու կամաւորները արիաբար կռուեցան, ժողովուրդը արիաբար թիկունք կեցաւ բանակին ու կամաւորներուն: Սակայն պարտուեցաւ օրուայ ապիկար ու թուլամորթ  իշխանութիւնը, իր հպարտ ղեկավարով ու հպարտ հետեւորդներով հանդերձ: Իրենց սին ամբարտաւանութեան ու ստրկամտութեան հետեւանքով, մեր ինքնասիրութիւնը՝ (ըլլայ ազգային թէ մարդկային) խորապէս խոցուած է այսօր ու աշխարհը մեզ կը ճանչնայ իբրեւ պարտուած ժողովուրդ:

Այնուամենայնիւ մենք  պարտուած կը համարուինք այսօր: Սակայն էթէ պարտուած ենք արտաքին ճակատի վրայ, չի նշանակեր որ պէտք է որ պարտուինք նաև ներքին ճակատի վրայ, ուր քաղաքացիական պատերազմի ուրուականը «դամոկլիան սուրի» նման կը թափառի մեր գլխուն վերեւ: 

Ներքին ճակատի պարտութեան վտանգի մասին կ'ահազանգենք, որովհետեւ կան թէ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամական ուժեր, որոնք  անձնատուութենէն ու երկիրը քաոսի վերածելէն ետք, ժողովուրդը կը մղեն այնպիսի ապաբարոյ ծայրայեղութիւներու, որոնց շարունակութիւնը միայն ու միայն դէպի ազգային կործանում կրնայ առաջնոդել մեզ:

Այո', դժբախտաբար անգամ մը եւս Հայաստանը աշխարհագրական տարածքի վերածելու «պարտականութիւնը» յանձնուեցաւ մեր երդուեալ թշնամիներու քմայքին:

Եթէ մենք պիտի ընդունինք, որ Հայաստանը տարածք մըն է, ուր պիտի ապրին քաղաքացիներ, որոնք պայման չէ որ Հայ ըլլան կամ հայօրէն մեծնան, ապա խղճի ամենայն հանդարտութեամբ կարելի է հարցը լուծուած համարել, հրաժարիլ ազգային պատկանելիութենէ ու պարտաւորութիւններէ, ու բանալ ճանապարհները մեր երդուեալ թշնամիներու դիմաց: Այնպիսի թշնամիներու դիմաց, որոնք ոչ միայն պարաստ են յօշոտելու մեզ նաեւ տնտեսապէս, բարոյապէս ու մասամբ նորին, այլ նաեւ չեն վարանիր լկտիաբար յայտարարելու թէ Սեւանն ու Երեւանը իրենց պատմական տարածքներն են: Անկիրթ, վայրագ ու տակաւին անասնական բնազդներով առաջնորդուող յորդաներու պարագային, այնքան ալ արտառոց չեն հնչեր նմանօրինակ անտրամաբանական, անարդար ու անմարդկային բնոյթի յայտարարութիւնները: Զարմանալին ու անհասկնալին այն է, որ ներկայ իշխանութիւնները ոչ միայն կը վստահին ու կը պատրաստուին գործակցելու անոնց հետ, այլեւ հպարտօրէն շարունակելու իրենց ազգակործան «առաքելութիւնը» ու Հայաստանը վերածելու պարզ հողատարածքի: 

Սակայն, եթէ ընդունած ենք որ Հայաստանը մեր պապենական հայրենիքն է, ու մենք հոն պիտի ապրինք արժանավայել կերպով ու հայօրէն. ապա այս բոլորէն ետք  հանգիստ քնանալու իրաւունք  չունինք...մինչեւ որ ժողովուդէն խաբեբայութեամբ իւրացուած իշխանութիւնը չվերադարձուի իր իրաւատիրոջ՝ Հայ Ազգին:  

Կեանքը կը շարունակուի համաձայն պատմութեան հոլովոյթին, որ կ'ուսուցանէ մեզ այնպիսի «ճշմարտութիւններ», որոնցմէ խուսափիլը եւ կամ զանոնք շրջանցելը այնքան դիւրին գործեր չեն: 
Դիւրին չէ եղած, այսօր աւելի եւս դժուար է Սփիւռքի մէջ մնալ Հայ ու  չվերածուիլ աշխարհաքաղաքացիի: Եթէ աշխարհի տարածքին պիտի գոյատեւենք առանց Հայ մնալու, ապա Հայաստանի մէջ չենք կրնար գոյատեւել առանց Հայ ըլլալու: Բազմիցս փորձած են Հայաստանը վերածել աշխարհագրական տարածքի (ուր պայման չէ որ Հայեր ապրին) ու... չեն յաջողած: Իսկ, վերջին տարիներուն, յստակ միտում կայ Հայաստանի մէջ ազգային արժէքները նսեմացնելու, ի հաշիւ համամարդկային բացասական արժէքներու ներմուծման: Խորքին մէջ համամարդկային դրական արժէքներն ու մեր ազգային մշակոյթը զիրար չեն հակասեր...: Ընդհակառակը՝ զիրար կ՝ամբողջացնեն ու կը սատարեն իրարու զարգացման: Մինչդեռ, Հպարտ Քաղաքացիէն առաջ մեզի պէտք է Գիտակից Քաղաքացի, Նախ որպէսզի չգինովնայ սին ու աժան խոստումներէ, եւ ապա կարողանայ ցորենը որոմէն զանազանել ու ճի'շդ կողմնորոշուիլ, ըլլայ ընկերային, քաղաքական, մշակութային թէ այլ համամարդկային ու համահայկական հարցերու պարագային: 

Դարերու ընթացքին, Հայկական Բարձրաւանդակը նուաճած, կողոպտած ու աւերած են բազմաթիւ ցեղեր ու յորդաներ, որոնցմէ շատերը գոյութիւն չունին այսօր: Անոնք անհետացած են, որովհետեւ անոնց համար Հայաստանը եղած է ընդամէնը բնակավայր կամ շահաւէտ հողատարածք: Իսկ մեզի համար եղած է, կա'յ  ու կը մնայ իբրեւ մեր հազարամեայ Պապենական Հայրենիքը:
Խորհրդայինները, եօթանասուն տարի Սովետական Քաղաքացի  ձևաւորելու (որ փաստօրէն աշխարհաքաղաքացիի մէկ տարբերակն էր) պատրուակին տակ, փորձեցին ռուսականացնել Հայաստանը, բայց մէկ կողմէ շնորհիւ իրենց մասնակի թոյլտուութիւններուն եւ միւս կողմէ շնորհիւ միահամուռ դիմադրողականութեան, կարողացանք ստեղծել   բարձրորակ ու ինքնատիպ մշակոյթ ու Հայաստանը մեզի մնաց իբրեւ Հայրենիք եւ ոչ թէ տարածաշրջան մը, ուր կ'ապրի ու կը կազմաւորուի հպարտ, սակայն անգիտակից ու անդիմագիծ հաւաքականութիւն մը: 
Կը պարզուի որ Արեւելքի մէջ գոյատեւելու աւելի հնարաւորութիւններ ունինք քան՝ Արեւմուտքի: Երկու պարագաներուն ալ ապագան մռայլ է ու մտահոգիչ: 

Փաստօրէն աշխարհի ամենազարգացած, ամենահարուստ ու ամենահզօր երկիրը համարուելով հանդերձ, այս օրերուն ԱՄՆ-ը, ուր խայտաբղէտ բնոյթի ժողովուրդներ կ'ապրին, կը դիմագրաւէ լուրջ ու մտահոգիչ տագնապներ, ըլլայ ընկերային տնտեսական թէ քաղաքական գետնի վրայ: Իրականութեան մէջ ողջ Արեւմուտքը (որուն ազգային դիմագիծը սկսած է ինչ որ տեղ ու ինչ որ չափով աղճատուիլ) եւս ենթակայ է նմանօրինակ  տագնապներու: Այն մեծապետական ուժերը, որոնք ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, ինքնորոշման եւ մարդասիրական այլ գաղափարներու պիտակներու տակ ձեւաւորեցին կառավարման տարբեր տեսակի կացութաձեւեր, փաստօրէն ձախողած կը թուին ըլլալ, մարդը մարդկայնացնելու առաքելութեան մէջ: Ու՞ր մնաց որ մենք այս խառնիճաղանճին մէջ, կարողանանք պահել ու պահպանել մեր ազգային դիմագիծն ու մնալ Հայ: Արեւմտեան մարդասիրական գաղափարներէն, ու անոնց համապատասխան օրէնքներէն շատ աւելի կ'օգտուին այն ցեղերն ու ժողովուրդները, որոնք ոչ միայն ատակ չեն աշխարհաքաղաքացի ըլլալու, ոչ միայն ազգայնամոլական ու անմարդկային գործելաոճ որդեգրած են, այլեւ իրենց վայրագութեամբ ու լկտիութեամբ փորձանք դարձած են մարդասիրական կացութաձեւ որդեգրած,  ու քաղաքակիրթ համարուող պետութիւններուն ու առհասարակ՝ մարդկութեան համար:
 
Այնպէս կը թուի, թէ այդ մեծապետական ուժերը, այնքան ալ ներդաշնակօրէն չեն գործեր այս համաճարակային օրերուն: Մէկ մասը կը շարունակէ հաւատալ մարդասիրական գաղափարներու տարածմանն ու իրականացմանը, իսկ միւսը  իր պայքար կը տանի հակառակ ուղղութեամբ:   
Հայաստանի ճակատագրով շահագրգռուած մեր անմիջական դրացիներէն երկուքը ծաւալապաշտական նկրտումներ ունին: Մէկը կը փորձէ վերականգնել Թրքական Սուլթանութիւնը, իսկ միւսը՝ Ռուսական Կայսրութիւնը: Կամայ ակամայ, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն Արեւելքի ու Կովկասի տարածքները կարծես թէ «վստահուած» են այս երկուքին, որոնց քաղաքական չոր ու շահադիտական սակարկութիւններու «արանքներուն» մէջ, անգամ մը եւս ճզմուեցանք ու... դարձեալ չդաստիարակուեցանք...: Մնացինք նոյն խակ ու անհեռատես ժողովուրդը, առանց դիւանագիտական հասունութիւն ցուցաբերելու:

Առաջին անգամը չէ որ ներքին դաւադրութիւններու հետեւանքով, մեր սեփական  քաղաքները կը յանձնուին թշնամիներուն: Շուշիէն առաջ Անին ու յատկապէս Կարսը բնորոշ օրինակներ են: 1920-ին, երբ Կարսը կամովին պարպուեցաւ, գնդապետ Մազմանեանն ու այլ երեք պատասխանատու սպաներ, չդիմանալով անձնատուութեան խիստ վարկաբեկիչ վիրաւորանքին... անձնասպան եղան...: Ուշագրաւ է Մազմանեանի վերջին խօսքը. «Մի կեանք ունեմ Հայրենիք, քեզ եմ տալիս»:  ... Այն հազարաւորները, որոնք վերջերս  նահատակուեցան, բոլորն ալ միայն «մի կեանք»  ունէին... սիրելի «հպարտ» Հայ: Այս մէկը չեմ կրնար շարունակել իմ գիտակից  ընթերցող, մեկնաբանութիւնը կը վստահիմ քու ողջմիտ դատողութեան...: 
Մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը վկայ, Թուրքերը ոչ մէկ առիթ փախցուցած են մեր տարածքները բռնազաւթելու, աւերելու, մեզ  կոտորելու ու մեր ազգային մշակոյթը իւրացնելու ու ի սպառ ոչնչացնելու...: 

Պատմութեան ընթացքին յաճախ ունեցած ենք «հովանաւորներ», բայց միշտ չէ որ հնարաւորութիւն տրուած է մեզի, մեր ազգային մշակոյթը զարգացնելու ու մեր ինքնութիւնը պահելու: Վերջին երկու հարիւրամեակներու ընթացքին, ըլլայ ցարական թէ խորհրդային հովանու ներքոյ, հայ ժողովուրդը համեմատաբար շատ աւելի կրցած է ազգային զարթօնք ունենալ, մշակոյթը (բառին ամենալայն բովանդակութեամբ) զարգացնել ու գոյատեւել, հակառակ ցարական ու յատկապէս ստալինեան բացայայտ ճնշումներուն ու խժդժութիւններուն:

Վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, երկրորդ անգամ ըլլալով անոնք՝ Ռուսերն ու Թուրքերը, կը բաժնեկցին մեր պապենական հողերը, մեր սեփական արեան գինով ու Քաղաքակիրթ Արեւմուտքի լու՜ռ «օրհնութեամբ»:

Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, գրեթէ միշտ մեզի պարտադրուած է չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու եւ ոչ թէ բարեաց լաւագոյնը: Այսօր մենք նոյն կացութեան մէջ ենք, այսինքն պարտադրուած ենք չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու... 
Որովհետեւ ցաւը մեծ է ու վէրքը բաց, որովհետեւ մեր սանձազերծուած զգացումները կրնան մեզ ծայրայեղութիւններու առաջնորդել, ու անբուժելի սխալներ թոյլ տանք մենք մեզի, հարկաւոր է զգաստանալ: 

Զգաստանանք, անձնական հարցերը մէկ կողմ ձգենք, ու տրամաբանութեամբ շարժինք ու գործենք: Այս օրհասական օրերուն, մեր պարտութեան մեծագոյն դասը ա'յս պէտք է որ ըլլայ: Մանաւա'նդ՝ երբ պարտութեանը պատասխանատու երկրի տէրերը, մոռցած թշնամին,  ինքնարդարացման համար դաւաճաններ կը փնտռեն: Փողոցային լեզուն ու անվայել բարքերը կը տեղափոխեն խորհրդարան, Բանիւ եւ Գործով, զիրար կը զրպարտեն, կ'ամբաստանեն ու կը սպառնան իրարու...:
Զգաստութեան պահն է հիմա: Առիթն է ամբողջական համախմբումի:

Առիթն է վերակազմակերպման ու նոյնի'սկ Վերածնունդի: Վաղը ուշ ու կորուստը աւելի մեծ ու աղիտալի կրնայ ըլլալ...: Հարկաւոր է անյապաղ հրաժարիլ ծայրայեղութիւններէ, ու միասնական ուժերով փորձել նուազագոյնի իջեցնել վնասն ու կորուստը: Հարկաւոր է հետեւիլ անոնց, որոնք ոչ թէ յանցագործներ կը փնտռեն իրենց սեփական կաշին փրկելու համար, այլ իրենց կենսագրութեամբ եղած են օրինակելի, վստահելի ու մնացած են մաքուր ու ատակ են երկիր ղեկավարելու ու պատրաստ՝ յարատեւ պայքարի...:

Իսկ Յարատեւ Պայքարը մեր ազգային ճակատագիրն է ու գոյատեւման գրաւականը, ուրկէ խուսափումը դասալքութեան համազօր յանցագործութիւն պիտի ըլլար...:
Մովսէս Ծիրանի