Խտացնել Արցախի բնակչութիւնը

Խտացնել Արցախի բնակչութիւնը

Հողը կը յուշէ պատմութիւնը բայց ժողովուրդը 
կը բնորոշէ անոր ինքնութիւնը:

Այդպէս նախատեսուած չէր: Բայց մենք ծանօթ ենք «Քանզի իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն, ու ձեր ճամբաները իմ ճամբաներս չեն:» Եսայի 55:8

Երկու Հազար Քսանը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախեան ծառայութեան քսանհինգ ամեակն էր: Բովանդակալից հանդիսութիւններ ծրագրուած էին Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Ստուար խնդակիցներ ապահոված էին իրենց երթեւեկը միանալու Աւետարանչականի ընտանիքին եւ մասնակցելու յատուկ պաշտամունքի մը, Պետրոսեան Ճամբարի մասնաշէնքի նաւակատիքին, մշակութային ձեռնարկներու, թատրոնի մը ներկայացման եւ նշանակալից ու յիշատակալից պաշտօնական ընթրիքի մը, ծրագրուած Արցախի մշակութային կեդրոն՝ Շուշիի մէջ:
Աստուած տարբեր ծրագիր ուներ մեր ժողովուրդին համար:
Աննախադէպ տարի մը ձգած ենք մեր ետին որու մտաբերումը կը փշաքաղէ ամէն հայու հոգին երկրագունդի վրայ: Թագաժահրը, տագնապներու անդադրում օղակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, Օգոստոսեան ահաւոր պայթումը Պէյրութի մէջ, խայթող յուշեր են որոնց մղձաւանջը երկար պիտի հետապնդէ մեզ: 

Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքը սակայն յեղաշրջեց բոլորը: Ազգ մը ամբողջ կ'ողբայ հայրենիքի համար զոհուած իր հազարաւոր զաւակները, որու անկախութեան համար սերունդներ իրենց կեանքը զոհած էին անցեալին: Ազգ մը ամբողջ կ'ողբայ հազարաւոր սրտաբեկ մայրեր, հազիւ գարուն տեսնող որբեւայրի հարսեր որոնց տոհմածառերու սահմանաբակ աճը ապացոյցն են կացինահար ճիւղերու պատմութեան՝ զոհը նոյն ոճրագործին:  Ազգ մը ամբողջ կ'ողբայ կորուստը հազարամեայ պապենական հողերու, որու վրայ ցանուած յուշարձաններու հոյլը վկայութիւնն է անոր հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեան: 

Մեզ դիմագրաւող մարտահրաւերները լերնակուտակ են, մինչ քաղաքական եւ պետական ղեկավարութիւն մը կը պայքարի ապագայի հուն մը ճեղքել անհամար անորոշութիւններու ընդմէջ:
Արդարօրէն պատասխաններ կը փնտռուին երեսուն տարուայ անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ դիւանագիտական անփառունակ ձախողութիւններու համար: Խոր ցաւի, վիշտի եւ լուրջ մտահոգութեան մթնոլորտի մը մէջ, ժողովրդային եւ հասարակական միտքը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կը ջանայ գիտակցիլ նոր իրավիճակի մը գոյութեան հետ, վերաչափել ապագայի ակնկալութիւնները եւ հունաւորել նոր ճանապարհ մը:

Աստուած ունի բոլոր դժուարութիւններու պատասխանը: Երբ աշակերտները տատանուող նաւուն վրայ սարսափած արթնցուցին Յիսուս զիրենք փրկելու համար, Ան ըսաւ «Թերահաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք» Մատթէոս 8:26 «...ու մեծ հանդարտութիւն մը տիրեց:»

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ, երբ բոլոր ռազմական գործողութիւնները դադրեցան, Ամերիկային Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը արդէն գիտակից էր իր  յանձնառութեան: Խրախուսել եւ օժանդակել Արցախի ժողովուրդի վերաբնակեցումը իր հարազատ հողին վրայ եւ վերականգնել Աւետարանչականի ամբողջական գործողութիւնները Արցախի մէջ: Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ պատնէշի վրայ էին: Մի քանի օրուայ ընթացքին Ստեփանակերտի Աւետարանչականի եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ գրասենեակները բաց էին: Աշխատակազմը վերադարձած էր եւ Դեկտեմբեր 1ին Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի մէջ լրիւ կը գործէին Աւետարանչականի բոլոր ծրագիրները:   

Պատմական Հայաստանի տարածքը հարազատ տուն է Քրիստոնէական եւ ազգային կոթողային հսկայ ժառանգութեան: Բայց հողը զուրկ է բռնութեամբ տեղահանուած եւ ոչնչացուած իր բնիկ ժողովուրդէն: Հողը անտարակոյս կը յուշէ տարածքին պատմութիւնը բայց ժողովուրդն է որ կը բնորոշէ անոր ինքնութիւնը: Քրիստոնեական եւ հայկական ինքնութիւն ունեցող Արցախեան հողը եթէ պիտի փրկուի հարկ է խտացնել անոր վրայ բնակող ժողովուրդի շարքերը:
Յառաջիկայ տարիներուն մինչ պետութիւն եւ իշխանութիւն կը տքնին շահելու Արցախեան տարածքի եւ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը, Աւետարանչականը հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ պիտի սատարէ եւ օժանդակէ ժողովուրդի բարօրութեան, փարի հողին, զարգացնէ եւ ծաղկեցնէ զայն հետապնդելով ժողովուրդի երջանկութեան իրաւունքը:  

Աւետարանչականի 25-ամեայ հոգեւոր, կրթական եւ մարդասիրական ծրագիրներն ու ծառայութիւնները  օրհնութիւն եղած են բազմաթիւ Արցախցի մանուկներու կեանքին: Յետ պատերազմեան կարիքները բազմապատկած են մեր ջանքերը ամոքելու ցաւը, մեղմելու հոգեկան ցնցումը եւ դաստիարակելու ստեղծագործ եւ նորարար սերունդ մը: 

Աւետարանչականի նուիրումը Արցախի ժողովուրդին անժամանակ է իսկ այդ նուիրումը Աստուծոյ սիրոյն արտացոլացումն է: Ան նաեւ յարգանքի տուրք է անոնց ՝ որոնք ծանօթ ըլլալով Շուշիի մէջ տասնամեակներու յիշատակելի ծառայութեան ժառանգութեան կորուստին՝ գաւթիչներու ոտնահարող ոտքերուն ներքեւ, գորովագին հարց տուին.- «Կրնա՞նք վերականգնել զայն Ստեփանակերտի մէջ»։

Այո, կրնա՛նք եւ պիտի վերականգնենք։

Զաւէն Խանճեան