Մեզի համար անընդունելի Է նախքան գալիքը յստակացնելը ունեցածէն հրաժարելու գործելաոճը

Մեզի համար անընդունելի Է նախքան գալիքը յստակացնելը ունեցածէն հրաժարելու գործելաոճը

ՌԱԿի Յայտարարութիւնը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման Առիթով

Խոր մտահոգութեամբ եւ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի մէջ կարգ մը նախարարութիւններու կրճատումին, նամանաւանդ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումին ու անոր շուրջ ընթացք առած թեր ու դէմ կեցուածքներուն ու անախորժ իրավիճակին: Մեզի համար անհասկնալի է նման որոշումի մը կանխապէս գիտականօրէն չքննարկուելու պարագան, ուր եթէ մնացեալ նախարարութիւններու պարագային կրնայ տեսականօրէն Հայաստանի կառավարութեան գիտնալիքը ըլլալ, սակայն Սփիւռքի նախարարութեան պարագային Հայաստանի պետութիւնը բարոյական գետնի վրայ ունի իր գործընկերը, որ է Սփիւռքը՝ զինք ներկայացնող բաղկացուցիչ կողմերով:

Մենք՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնս, որպէս սփիւռքահայ ազգային կուսակցութիւններէն մին՝ նման կարեւոր քննարկման մը, եթէ պատահած է, մասնակցած չենք եւ կը հաւատանք, որ նոյնն է պարագան միւս կուսակցութիւններուն: Մեզի համար անհասկնալի են նման լուրջ եւ զգացական հարցի մը մասին լրատուական միջոցներու խողովակով տեղեկութիւններ ստանալու ձեւը, որոնցմէ կը տեղեկանանք մերթ Սփիւռքի նախարարութիւնը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բաժնի վերածելու անյստակ ձեւի մը եւ մերթ ալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը այսուհետեւ փոխվարչապետի գրասենեակէն համակարգուելու մշուշոտ տարբերակին մասին: Մեզի համար անընդունելի է նախքան գալիքը յստակացնելը ունեցածէն հրաժարելու գործելաոճը, այս եւ ընդհանրապէս բոլոր պարագաներուն:

Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան պատմութեան մէջ Հայաստան շատ աւելի զգալի ու շօշափելի ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքի առօրեային մէջ 2008 թուականին Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք քան անկէ առաջ, երբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր սփիւռքին: Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար էր լրջօրէն քննարկել, թէ որո՞նք են Սփիւռքի նախարարութեան բացթողումները ու սրբագրել զանոնք ու ձգտիլ լաւագոյնին, քան լուծարել զայն ի զարմանս եւ ի ափսոսանք համակ սփիւռքին:

Մենք յամոզուած ենք, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը առանցքային դեր խաղցած է Հայրենիք-Սփիւռք կամրջումին մէջ եւ տակաւին պիտի ունենայ մինչեւ այն ատեն, որ կայ Հայ Սփիւռք մը, որուն բնակիչներուն թիւը նոյնիսկ կը գերազանցէ հայրենաբնակ Հայ ժողովուրդին թիւը: Մենք վստահ ենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր որոշումը՝ աւելի եւս ուսումնասիրուած՝ մասնագիտական լուծում մը գտնելով անոր, Սփիւռքին հետ վերաբերելով բարձրագոյն մակարդակի եւ ոչ այլ նախարարութեան մը ստորաբաժնի միջոցաւ: Մինչ այդ մենք զօրավիգ ենք տուեալ 5 տարբեր նախարարութիւններու աշխատակիցներուն:

Մենք նախանձախնդիր ենք, որ պետական պիւտճէի խնայողութեան արդար նպատակով յառաջ մղուող այս որոշումով ոչ-նպատակադրեալ ընկերային անարդարութիւն մը չպատահի անոնց, որոնք կրնան աշխատազուրկ ըլլալ նամանաւանդ հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններով լի այս օրերուն մէջ ընդհանրապէս եւ յառաջիկայ տօներուն ընդառաջ մասնաւորաբար: Մենք յոյսով ենք, որ մօտակայ տօնական օրերը այս առնչութեամբ աւելի լաւ լուրերով կը դիմաւորենք:

Ի ԴԻՄԱՑ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան Ատենապետ