Հասարակություն

Կայացավ Սփյուռքի Ազգային Զորաշարժի Խորհրդաժողովի առցանց նիստը

Կայացավ Սփյուռքի Ազգային Զորաշարժի Խորհրդաժողովի առցանց նիստը

18 Յ>լիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 2026 թվականի Ապրիլ 11-12-ին գումարված խորհրդաժողովին յաջորդող առցանց նիստը, որ համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ։ Ժողովը գումարվեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ Դատի ﬕջազգային հետապնդման, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համախմբուած դերակատարութեան առնչվող լուրջ մարտահրաւէրներ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրվող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնելու վերջին երեք աﬕսներու ընթացքին կատարված աշխատանքները եւ քննարկելու հետագայ քայլերը։

Համադրող Կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացված են խորհրդաժողովէն ի վեր՝ ներառեալ չորս կլոր սեղաններու մասնակիցներուն ﬕջեւ կազմակերպված աշխատանքային հանդիպուﬓերը, զեկոյցներու համառօտագիրներու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգների տարածումը։ Նիստի ընթացքին ցուցադրվեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովի նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորված դրական նոր հեռանկարները։

Քննարկուﬓերուն ընթացքին ներկայացվեցան նաեւ կլոր սեղաններու վերջնական ամփոփագիրները, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի ռազմավարական դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման եւ համազգային նպատակների շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերոոուն։ Յատուկ ներկայացվեցաւ խորհրդաժողովին նվիրված կայքէջը, որ պիտի տեղադրվի խորհրդաժողովի ամբողջ արխիւը՝ զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդվածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր՝ ապահովելով կատարված աշխատանքներ երկարաժամկէտ պահպանութիւնն ու հանրային մատչելիութիւնը։ Ժողովի եզրափակիչ քննարկումը նվիրվեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն։

Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ ձեւակերպված սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն ﬓալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբված, կազմակերպված ու շարունակական աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային շահերուն։ Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի ﬕջոցառում մը եղած է, այլ սփիւռքի ուժերու համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի ﬕաւորել սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնել համազգային ռազմավարական նպատակների իրականացման։

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազմ

Լրահոս

Ամենաընթերցված

×
Gallery Image