Մտորումներ Կիպրոսի թեմական ընտրությունների առիթով

Մտորումներ Կիպրոսի թեմական ընտրությունների առիթով

 Ըստ պաշտօնական յայտարութեան, Կիպրոսի Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ որ ընտրութիւնները վաւերացուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ: 

Խորհրդածութիւններ կատարելէ առաջ, կ'ուզեմ յայտնել որ այս յօդուածին շարռաժիթը եղաւ՝ Ազատ Խօսք ելեկտրոնային անկախ պարբերաթերթի խմբագիր, Տիկին Երան Գույումճեանի հարազատ մտորումները, ուր խմբագիրը քաջաբար  եւ խիզախօրէն կը դատապարտէ կուսակցական հատուածական նեղ հաշիւներով կատարուած ընտրութիւնները, ուր զգալի են մենատիրութեան ախորժակներով պարուրուած հատուածի մը աթոռատենջութեան արեւտուրը, պարզապէս ելլելով իրենց կուսակցական եւ անհատական հաշիւներէն...: Այս կը նշանակէ որ բան չէ փոխուած վերջին վաթսունամեակին Կիպրահայ կեանքէն ներս:

Առաջին անգամ չէ որ դէմ հանդիման կը գտնուինք նման ախորժակներու, ո'չ միայն միջին Արեւելքի գաղութներէն ներս, այլ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ բոլոր Թեմերէն ներս: Պէտք է խոստովանինք որ պատկերը նոյնն է Էջմիածնական Թեմերէն ներս, այլ խօսքով՝ ժողովրդավարական ընտրութեանց ընթացակարգը միշտ զոհ գացած է կուսակցական հաշիւներու եւ որու հետեւանքով բաժանեալ է նաեւ մեր ժողովուրդը – ա'յս եկեղեցին, ա'յն եկեղեցին : 

Կիպրոսի Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւնները անգամ եւս մեզ դէմ յանդիման կը դնեն բեմադրութեան մը, որ միշտ կը պատահի մեր բոլոր թեմական աթոռներէն ներս: Միշտ կարց կուտանք թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու այս հիւանդագին, ողորմելի եւ ժամանակավրէպ խաղերը: 

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեմերուն մէջ կան «ընտրուած» եւ «վերընտրուած», աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած եւ վերանշանակուած «երեսփոխաններ» «առաջնորդներ», որոնք հաւանաբար մոռցած են թէ դրուած են այդ պաշտօնին: Կասկածէ վեր է, եւ դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը որպէս բարոյական հեղինակութիւն,  եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր, զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

Եթէ չխօսինք այս հարցերու մասին, եւ եթէ շարունակուի այս գայթակղութիւնը, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը: Խորապէս համոզուած ենք որ եթէ սրտացաւ ազգայիններ, մանաւանդ մտաւորականութիւն եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն, չհակազդեն եւ հրապարակ չգան ամէն տեսակ օրինազանցումներու եւ խախտումներու լուսաբանութեան արդար պահանջով, այնուհետեւ պէտք չէ զարմանալ որ այս ընտրութիւնները-նշանակումները պիտի շարունակուին, եւ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնն ալ, անգիտակ այս կացութեան, պիտի շարունակէ մնալ իր ճահճացումին մէջ:

Այս դժբախտ կացութեան՝ բոլորս ալ, –քաղաքական իշխանութիւն, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մամուլ,– մեղաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ, եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննադատութիւններ՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ինչ որ ալ ըլլան իրենց հանգամանքները,– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:
 Որպէս տարագիր սփիւռքահայեր՝ կորսնցուցած ենք hայրենիք եւ ծննդավայր, բայց տակաւին մեր աչքերը կը յառին դէպի Արարատ, որուն ստուերին տակ իր օր աւուր գոյութիւնը կը պահէ «վերանկախացած» փոքրիկ Հայաստանը, ուր կը գտնուին Արեւմտեան Հայաստանի գաղթականներէն խոշոր զանգուած մը: Այսուհետեւ թերեւս այնքան ալ անհրաժեշտ չեն մեր քաղաքական կուսակցութիւնները Սփիւռքի տարածքին, երբ հայրենիք ունինք ուր կան եւ կը գործեն հարիւրէ աւելի քաղաքական կուսակցութիւններ:  Սփիւռքին պէտք է Արտասահմանեան Ազգային Ժողով մը  որպէսզի մէկ ձայնով ներկայացնէ իր արդար դատը համայն մարդկութեան, իսկ ազգային բարեգործական գործերով կրնան զբաղիլ մեր բարեսիրական հաստատութիւնները, նամանաւադ Եկեղեցին որ այդքան թերացած է իր առաքելութեան մէջ:

Անհրաժեշտ են մեզի նոր ժամանակներու ոգիին համապատասխանող նոր ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն սփիւռքեան մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:: Այսուհետեւ Հայկական Դատի հետապնդումէն զատ եւ անդին՝ չկայ ա՛յլ քաղաքական գործունէութիւն, որու կողքին՝ սակայն կայ Հայաստանի վերաշինութեան ու ամէն առումով հզօրացման հսկայական աշխատանքը, որուն մէջ մեծ ներդրում պիտի ունենան Արեւմտահայ գաղթօճախները ի սփիւռս աշխարհի: Որքան ալ ներդաշնակ չեն Սփիւռքի հայութեան կապերը հայրենի պետականութեան աշխատանքներուն հետ, այնու հադերձ իւրաքանչիւրիս արեան կանչն է սատարել հայրենիքին՝ մեր կարողութեան չափով:
 Նոյնքան ակնկալելի է որ մեր հայրենի պետութեան ղեկավարները ըմբռնեն սփիւռքահայութեան վիճակը, եւ հեռու մնան վերէն նայելու իրենց հոգեբանութենէն եւ չկաշառեն ու չշոյեն փառասէր եւ փառամոլ «ազգայինները» իրենց առատաբաշխ շքանաշաններով, մեկնելով ընդհանրապէս իրենց անհատական եւ ո’չ ընդհանրական շահերէն:

Հայաստանի Պետութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Հայրենիքի ու Սփիւռքի գաղութներու միջեւ կապը՝ մօր եւ որդիի յարաբերութիւն է, եւ անհրաժեշտ է որ հիմնուած ըլլայ մայրական սիրոյ բոլոր տուեալներուն վրայ, –սիրոյ, գուրգուրանքի եւ քաջալերութեան,– որպէսզի աստանդական հայեր վերադառնան իրենց մօր գիրկը, եւ իրենց հետ բերեն զիրենք հիւրընկալած երկիրներու՝ տնտեսական, գիտական, ճարտարարուեստական բոլոր առաւելութիւնները եւ սատարեն հայրենիքի վերելքին:

Հետեւաբար՝ դատապարտելի է հատուածական շահեր հետապնդելու մեր հոգեբանութիւնը, ինչ որ կը ջլատէ մեր քաղաքական եւ մարտական ոյժը: Ներկայիս այս հարցը որքան ալ էական նկատուի, տակաւին կարելիութիւն մը դառնալէ հեռու է, որովհետեւ սոսկ փափաքով եւ զգացումներով չենք կրնար առաջնորդուիլ, անհրաժեշտ է միութեան նախանձախնդրութիւն եւ անկեղծութիւն, որոնց բացակայութիւնը զգալի է մեր բոլոր գաղթօճախներուն մէջ:

Հայ Ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ թէ ի՜նչ զոհողութիւններու եւ ի՜նչ մարտիրոսութեան գին վճարեց իր ազատութեան պայքարի ճանապարհի ընթացքին: Այս զոհողութիւններն ու նահատակներու մարտիրոսութիւնները պէտք է կորիզը կազմեն մեր ապագայի մտածողութեան: Բարբարոս Թուրքը փորձեց փճացնել հայ ցեղը, ջարդեց, կոտորեց, դէպի անապատները քշեց եւ յաջողեցաւ մոխրացնել հայոց աշխարհը, եւ սակայն չկրցաւ փճացնել ցեղին ապրելու եւ գոյատեւելու բարոյական եւ մտաւորական կորովը:

Այսօր իրաւունք ունինք հպարտանալու ներկայ Հայաստանով, որ մեր պատմական հայրենիքի մէկ մասն է միայն, եւ իւրաքանչիւր հայ՝ զայն պահելու, սնուցանելու արիութիւնն ու կամքը, հեռատեսութիւնն ու իմաստութիւնը ցոյց պէտք է տայ առանց անտեսելու սփիւռքի ծովածաւալ կարիքները, ուր կ’ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը:

Մեր արդար դատի հետապնդումին համար անհարաժեշտ է որ կեդրոնացնենք մեր ոյժերը, միաձոյլ եւ միաձայն գործունէութիւն պէտք է ըլլայ մեր նոր նշանաբանը, հեռու հատուածական եւ կուսակցական թշնամութենէ եւ ատելութենէ, կարենալ հասնելու մեր նպատակին: Սէր, միութիւն եւ զոհողութիւն պիտի առաջնորդեն մեզ փառապանծ յաղթանակի, որ մեր անիրաւուած ժողովուրդին արդար իրաւունքն է եւ մեր նահատակաց արիւնաթաթախ կտակը:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ