Կոչ՝ զորակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներին

Կոչ՝ զորակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներին

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումին հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու, յատուկ դրամահաւաք յայտարարելով Լիբանանի տուժած մեր հայրենակիցներուն եւ համայնքային կարիքներուն հասնելու համար:

Բոլոր նուիրատուութիւնները անյապաղ եւ ուղղակի պիտի փոխանցուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հովանաւորութեամբ ստեղծուած համայնքային շտապին, որ բաղկացած է լիբանանահայ համայնքի բոլոր գլխաւոր կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններէն, անյապաշ բաշխման համար: Օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն՝ սննթամթերք, ապաստարան, բժշկական, եւայլն:

Խորհուրդս կոչ կ’ընէ բոլորին գօտեպնդուելու եւ միացեալ ճիգերով զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ առատաձեռն նուիրելով յաջորդ ժամերուն իսկ յայտարարուելիք հանգանակութեան:

Աւելին, կոչ կ’ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, յատուկ ուշադրութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ ընտրել նուիրահաւաքային արշաւները, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կը հրամցուին:

Միացեալ կամքով, կազմակերպուած ճիգերով, եւ լայն սրտերով պիտի զօրակցինք մեր լիբանանահայ հայրենակիցներուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ