Երբ Նամակ Մը Մնայ Անպատասխան

Երբ Նամակ Մը Մնայ Անպատասխան

Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան նոյեմբերի 23ին այցելած է Մարտունի: Ան այս առիթով նաեւ ծաղիկներ խոնարհած է Արցախի հերոս եւ Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթե Մելքոնեանին յուշարձանին առջեւ (այստեղ, ինչպէս ներքեւի տողերուն մէջ ալ կրկնուող մեր հերոսին անունը ցաւօք, դիտմամբ կրճատուած ձեւով կը գրենք, փորձել շրջանցելու համար ֆէյսպուքի մեքենական նոյնականացման դրութիւնը, սոյն յօդուածը նշեալ հարթակով ալ հրապարակող ու տարածող մեր եւ մեր գործընկեր մամուլի օրկանները արգելափակումներէ զերց պահելու համար...): 

Նոյն թուականին եւ հազիւ այս լուրը հրապարակուեցաւ հայկական մամուլին կողմէ, անոնցմէ շատերուն ֆէյսպուքեան էջերը, ըստ շատ մը խմբագիրներու վկայութեան, սկսան վերոյիշեալ հարթակին տնօրէնութեան կողմէ զգուշացումներ ստանալ, ոմանք ալ արգելափակուեցան, որովհետեւ «մեղանչած» էին Ֆէյսպուքի «Ընդհանուր դրոյթներուն եւ պայմաններուն» դէմ, նշելով՝ Մ.Մ. անունը...:

Երեւոյթը նոր չէ, եւ ճիշդ այս երեւոյթին մասին 2021թուականի Դեկտեմբերի 14-ին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեր սիւնակով Բաց Նամակ մը յղած էինք, Հայաստանի չորս նախարարութիւններու՝ Արտաքին Գործոց, Արդարադատութեան, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի, ինչպէս նաեւ Բարձր Տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան, իրենց ուշադրութեան յանձնելով սոյն տհաճ եւ վիրաւորական պարագան:

Մեր նամակին մէջ յատկապէս նշուած էր. «Առ ի գիտութիւն Ձեզի, վերջերս Ֆէյսպուքի տնօրէնութիւնը ահաբեկիչ կը համարէ ՀՀ Ազգային հերոս Մ.Մ.-ը եւ առ այդ, կ՛արգելափակէ Մ. Մ.-ի մասին գրառումներ եւ կամ հերոսին նկարը հրապարակող Ֆէյսպուքի օգտատէրերուն էջերը կամ առնուազն՝ տուեալ նիւթը ... Ահաբեկիչ նկատուող Մ. Մ. ՀՀ Ազգային Հերոս է ու պետական մակարդակով մեծ պարգեւներու արժանացած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ: Այլ խօսքով եթէ Մոնթէ Մելքոնեանը ահաբեկիչ է, ապա զինք պարգեւատրած Հանրապետութիւնը ահաբեկչական պետութիւն պէտք է ըլլալ ըստ Ֆէյսպուքի տրամաբանութեան…: Նոյնը կը վերաբերի այլ ազատամարտիկներուն, որոնց հանդէպ պետական թէ ժողովրդային մակարդակով մեծ յարգանք կայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ.... Պարզ է, որ այս արշաւի ետին կան թշնամի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ըստ ոմանց՝ հայանուն դաւաճաններ...»:

Արդարեւ օրին, վերոյիշեալ նախարարութիւններու ղեկավարներէն ազնուօրէն պահանջած էինք, որպէս նմանօրինակ հարցեր հետապնդելու գործելադաշտ եւ իրաւասութիւն ունեցող պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, իրենց անմիջական հակադարձութիւնը ընեն՝ համապատասխան քայլեր առնելով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան մօտ, սոյն անարդարութեան եւ կեղծիքին դէմ պայքարելու համար:

Դժբախտաբար մինչեւ օրս ըստ երեւոյթին գործնական կամ ազդու, ամէն պարագային արդիւնաւէտ քայլ մը առնուած չէ: Փաստն ալ այն է, որ ահաւասիկ Ֆէյսպուքը տակաւին մինչեւ օրս իր «օրէնքը» կը կիրառէ այս առնչութեամբ:

Վստահ ըլլալով, որ պետական մակարդակով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան յղուած ընդամէնը մէկ նամակ այս հարցը միանգամ ընդմիշտ կը լուծէ, երէկ եւս պարտաւորուեցանք եւ այս անգամ իւրաքանչիւր նախարարի ֆիզիքական հասցէին անհատապէս անձնական նամակներ ուղղելու` նախ հարցադրելով, որ ինչը կ՛արգիլէ համապատասխան քայլեր առնելու՝ փորձել ուղղելու համար այս յոռի երեւոյթը, ապա ազնուօրէն վստահութիւն յայտնելով, որ տուեալ յարգելի նախարարները ի պաշտօնէ պիտի չզլանան ազգային եւ բարոյական սոյն պարտականութեան մէջ՝ փորձելով ամէն բան ընել ազգային մեր արժէքներուն վրայ դրուած պիտակաւորումը վերացնելու համար:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր