Եվրոպացիները հանուն Արցախի» կազմակերպությունը ցնցված է Փաշինյանի հայտարարությունից

Եվրոպացիները հանուն Արցախի» կազմակերպությունը ցնցված է Փաշինյանի հայտարարությունից

«Եվրոպացիները հանուն Արցախի» կազմակերպությունը հայտարարություն է տարածել․

«Պատասխան 2025 թուականի Յունուար 24-ին Հայաստանի վարչապետի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն:
  
Եւրոպացիները Հանուն Արցախի Հարթակը  զարմացած եւ  ցնցված է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անընդունէլի յայտարարութիւներէն:  Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն   հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ՛անյարքեն  ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիուններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրական աշխատանքներ  եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի Եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած այդ մեծ հանցագործութիւնը:
Որպէս Եւրոպացիներ, վիրավորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը մատնէ այս առաջընթացքը որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին ոեւէ ներքին կամ հավերժ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի: Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ ասպեկտները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշավներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:
Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: Եւրոպացիներ Հանուն Արցախի Հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան: Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Ընդունուած վարկած է որ երբ ոճրագործը չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղչար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կարող է կրկնել այդ մէկը: Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Կրկնութիւնը ցեղասպանութեան ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները: Ցեղասպանութեան ուրացոմը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան»։