Գրիգոր Պլտեանին. «Ֆրանսահայ գրականութիւն» հատորի առթիւ

Գրիգոր Պլտեանին. «Ֆրանսահայ գրականութիւն» հատորի առթիւ
Գրիգոր, հրատարակած ես «Ֆրանսահայ գրականութիւն» կոթողային աշխատութիւնը /«Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆո-Անտարես», 2017/: Յիշեցում մը նամակներէդ. «Սիրելի Արթուր, վերջին երկու նամակներդ ստացայ նոյն ատեն եւ պիտի փորձեմ առանց շատ ձեռքս յոգնեցնելու պատասխանեմ, ատենիդ ստացած էի յոդուածդ ֆրանսերէն գրքիս մասին, մոռցած էի, շնորհակալ եմ, որ առանց հատորը տեսնելու գրեր ես անոր մասին...» /Փարիզ, 28 յուլիս, 2002/:



Կը երեւակայե՞ս. ճիշդ 16 տարի անցած է, ես ֆրանսերէն չգիտնալով, բայց հատորիդ միտք բանին գոց գիտնալով գրած եմ վերլուծաբար, զի Շ.Շահնուրի, Շ.Նարդունիի, Վ.Շուշանեանի, Կ.Փօլատեանի, Ն.Սարաֆեանի, Փ.Միքայէլեանի, Զ.Որբունիի, Ղ.Մելոյեանի եւ միւսների մասին ալ գրած եմ,- ոմանց հատորներն ալ հրատարակած յառաջաբանիւ,- հիմա կը խորհիմ,- թոյլ կուտա՞ս,- ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ սոյն հատորը հրատարակուելէն ետք... ես որ գրախօսած եմ յիշեալ հատորը /բացառիկ արժէք մը ժամանակաշրջանի գրականութեան <<գեղագիտական արժէքներու փարումով»/ լուր չունիմ բնաւ: Հոգ մի ըներ, այնքան ալ միամիտ չեմ,- կը հասկնաս անշուշտ, որ թունաւորուիմ ... որ չես ղրկած, բայց ամենէն կարեւորը՝ կարդացած եմ եւ կարծիքս ալ գրադատաբար նոյնն է մնացած:



Գիրդ՝ նպատակներ կը սահմանէ, ատ գոց գիտես, ուրիշ ո՞վ եթէ ոչ ես որ հատորներդ հրատարակած եմ ատենին եւ միասին աշխատած ենք. վկայութիւնը շուրջ 200 էջնոց անտիպ նամականիդ, զոր տակաւին քովս է՝ 1989-էն սկսեալ: Օր մը պիտի հրատարակեմ... կ՛անցնիմ: Չեմ գիտեր ինչ կը խորհիս սա գիրս կարդալով: Յակոբ Օշական կ՛ըսէր. «Նախ մարդ, յետոյ՝ հայ»: Հայու այն տեսակը, որ կ՛ապրի – ապրած է Սփիւռքի մէջ, հիմա ալ նո՞յնը մնացած է, թէ՞ մաս-մաս կ՛արտագաղթէ... Սփիւռքէն Սփիւռք մտօք ու անվերադարձ նուիրումով:



Ես տակաւին Արթուր Անդրանիկեանը կը մնամ, սա պէս ալ կը շարունակուիմ ու կ՛ուզեմ, որ «երկարամեայ բարեկամիդ» տեսակէտը տեղ մը յիշես : Ալ գրելիք չունիմ, դուն եթէ կարելի է պիտի պատասխանես սա հարցիս. ան թերեւս յոյժ առաջնահերթ կը թուի՝ բնականաբար շատերուն. հատորդ կարդացա՞ծ են գոնէ նորօրեայ շուրջիններդ ու Պըլտեանը Երեւան «պաշտողներէն» ոգեշնչուա՞ծ ես, թէ՞... արդար ըլլալու համար.- մանաւանդ այս առումով,- «Նման» հարցումը տեղի պիտի տար անկասկած վիճաբանութեան /Ն.Սարաֆեան/. ես սպասելիք շատ բան չունիմ այլեւս քեզմէ...



Մշտանոյն բարեկամդ՝ Արթուր Անդրանիկեան



![](https://scontent-mxp1-1.xx.fbcdn.net/v/t1.0-0/p280x280/29103378_10216188499727486_4064133930784129024_n.jpg?_nc_ad=z-m&_nc_cid=0&oh=7f5c839bf169899ef24d6674e737c448&oe=5B3537BD)