Մեր ուղերձը՝ պայքարի դուրս եկած մեր արժանապատիվ հայրենակիցներին․ Արամազդ Զաքարյան

Մեր ուղերձը՝ պայքարի դուրս եկած մեր արժանապատիվ հայրենակիցներին․ Արամազդ Զաքարյան

Արամազդ Զաքարյանի գրառումը․

Ուղերձ Բրիտանիայի հայ համայնքին․

«Սիրելի Հայրենակիցներ,

Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, այս պարագային Տաւուշի մասով, միակողմանի թշնամուն յանձնելու գործընթացը ''Սահմանազատման'' անուան տակ, ոչ այլ ինչ է քան յանձնուողականութիւն (Capitulation), որը միտուած է գոհացում տալու Ատրպէճանի պահանջներուն և ինքնին հակասահմանադրական քայլ է և դատապարտելի:

Անհասկանալի և տարօրինակ է թէ ինչո՞ւ հայ- ատրպէճանական այս սահմաներու ճշդգրտման գործընթացը սկսւում է սահմանազատոմից (Demarcation) չբացատրելով այն իրավապայմանագրային հիմքը, որուն հիման վրայ պիտի կատարուի սահմանազատումը:

Սահմաններու ճշդգրտման սկզբնական քայլը սահմանագծումն (Delimitation) է, ուր համաձայնուած քարտեզին վրայ պիտի գծուին Հայաստանի և Ատրպէյճանի սահմանները, որմէ ետք իրական գետնին վրայ կը կատարուի սահմանազատումը (Demarcation): Բայց չգիտես թէ ինչու Հայաստանի իշխանութիւնը համաձայնած է շրջանցել ընդունուած կարգը և այսպէս կոչուած Ալմա-Աթայի հռչակագրին (Declarations) հիմունքով՝ որը քաղաքական յայտարարութիւն է, կը փորձէ պատրուակ ծառայեցնելով Տաւուշի 4 գիւղերը նուիրել թշնամուն:

Հայաստանի պետութեան այս հակասահմանադրական քայլը այսօր գործնականին մէջ կ՝իրականացուի Տաւուշի շրջանի 4 գիւղերու յանձման գործընթացին, որը մեր հայրենիքի սահմաններու ապահովումը կը դարձնէ խոցելի և կը հանգեցնէ շարք մը չափազանց վտանգաւոր հետեւանքներու՝

Ա—«Տարածքներու յանձնումը անվտանգային լրջագոյն սպառնալիքներ պիտի ստեղծէ հազարաւոր մարդոց կեանքի ու ինչքի իրաւունքներու եւ ազատ տեղաշարժի վրայ»
Բ—«Պիտի կազմաքանդուի հիւսիս արեւելեան համեմատաբար լաւ պաշտպանուած առաջնագծի մեկ կարեւոր հատուածը։
Գ—«Ըստ էութեան նիկոլի յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ Հայաստանը նախայարձակ (Agressor) պետութիւն է եւ աւելի քան 30 տարի ապօրինի գրաւման տակ պահած է ատրպէջանական բնակավայրեր.
Դ—«Տարածքներու յանձնումը հսկայական խնդիրներ պիտի յառաջացնէ՝, հանրապետական, մարզային եւ համայնքային ճամբաներու առումով, Հայաստան մտնող գազամուղերու եւ հեռահաղորդակցութեան եւ ելեքտրականութեան կապուղիներու եւ այլ խնդիրներով»
Ե—«Տեղի տալով ատրպէջանական պահանջներուն՝ նախադրեալներ պիտի ստեղծուին նոր զիջումներու, այս անգամ արդէն այսպէս կոչուած անկլաւներու հարցով։

Զիջումները պիտի հանգեցնեն Հայաստանի սահմանները անվտանգային նոր խնդիրներու, աւելցնելով մեր խոցելիութիւնը ռազմական հնարաւոր գործողութիւններու պարագային»։

Ըստ էութեան Հ. Հանրապետութեան որևէ տարածքի  յանձնում հակասահմանադրական քայլ է եւ պէտք է ունենայ քրէաիրաւական հետեւանքներ։ Հայաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ գտնւող որեւէ տարածքի պատկանելիութեան հարցը պէտք է որոշուի բացառապէս հանրաքուէով։
Անվտանգային խնդիրները լուծելու, բանակի պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացնելու, իրական դաշնակիցներ գտնելու փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները խաղաղութեան կեղծ օրակարգով երկիրը կը տանին նոր պատերազմի ու նոր կորուստներու։ 
Իրականութեան մէջ համաձայնեցուած սահմանազատման եւ սահմանագծման ոչ մէկ գործընթաց կայ, պարզապէս՝ ատրպէջանի պարտադրանքով փորձ կը կատարուի կորզելու միակողմանի զիջումներ։

Տաւուշի հատուածէն ներս զիջումները այսպէս կոչուած նախկին ատրպէջանական գիւղերը վերադարձնելու տեղայնական նշանակութեան հարց չէ, այդ մէկը անխուսափելի ծանրագոյն հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր պետականութեան գոյատեւման համար։
Խաղաղութեան երկխօսութիւնները, սահմանային վեճերը չեն կրնար ընթանալ սպառնալիքներու ներքոյ և ոչ ալ հայրենի հողերու մաս մաս յանձնելու միանձնեայ որոշումով, սակայն այսօր այդ պարտադրուած է մեր հայրենի Տաւուշին, որու սահմանները չզիջելու և պապենական հողերին համար պայքարի դուրս եկած հայորդիներուն ՅԱՅՏՆՈՒՄ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ: