26-ամյա հանճարեղ երիտասարդը 1911-ին կանխատեսել է իր ժողովրդի ապագան

26-ամյա հանճարեղ երիտասարդը 1911-ին կանխատեսել է իր ժողովրդի ապագան

Ռուբեն Սևակն իր «Այլասերում» հանճարեղ և իսկապես մարգարեական հոդվածը գրել է 1911թ.: Այն ընթերցելիս քեզ թվում է, որ այսօրվա մասին է խոսքը։ Ոչ միայն այսօրվա Հայաստանի, այլև Եվրոպայի մասին: Կարդում և զարմանում ես, թե ինչպես կարող էր քսանվեցամյա բժշկականի ուսանող բանաստեղծն այդպես հստակորեն տեսնել ոչ միայն իր ժամանակն, այլև իր ժողովրդի ապագան: 

                                 ՌՈՒԲԵՆ ՍԵՎԱԿ

Կա՞յ աւելի սիրտ բզկտող իրականութիւն մը, քան մելամաղձոտ մանուկները…:
Տղու մը պարզ ու վճիտ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ տխուր ըլլալ, քանի որ յուսահատութիւնը խիստ բարդ հոգեբանութիւն մը կենթադրէ:
Բնական երեւոյթ մը չէ այս, այլ ախտաբանական ծնունդ մը, օրէնքէն դուրս շեղում մը, բացառութիւն մը: Խոստովանինք սակայն որ այս բացառութիւնները հետզհետէ օրենքի կարգ անցնելու վրայ են:
Նոր քաղաքակրթութեան մեծագոյն վերքերէն մէկն է այս այլասերումը, վաղուան հիւանդութիւնը, հիւանդութիւններուն յոռեգոյնը` որովհետեւ ո՛չ մէկ բժշկութիւն պիտի կրնայ զայն դարմանել: Իր մանրէն երբեք պիտի չգտնուի:
Հին ցեղեր խարոյկներու վրայ կայրէին իրենց լուսնոտներն ու ջլագարները` իբրեւ չար ոգիներ: Պղատոն իր իտեալ հանրապետութենէն կը վանէր մելամաղձոտները: Սպարտացիներ իրենց տխուր ծնունդները գետը կը նետէին` առոյգ ու զուարթ մանուկներ միայն ընտրելով ցեղին պահպանումին համար. ահա ա՛յս կերպով այդ ափ մը փոքրիկ ազգը պատմական դիւցազուններու մեծագոյն ազգը եղաւ:
Այսօր այդ բարբարոս միջոցները ի սպառ հեռացուած են քաղաքակրթութեան սահմանագլուխներէն. բայց այլասերումի վտանգը երթալով անկարելի համեմատութիւններ կը ստանայ:
Այս երկաթէ դարին համար երկաթէ ուղեղներ են պէտք:
Մինչդեռ, օրը օրին, հեւ ի հեւ, ճգնաժամային ու գինեմոլ գործունէութեան մը մտրակին տակ հալածուող մարդկութիւնը ջլագար ծնունդներ միայն կու տայ:
Ալեկոծ Եւրոպան շատոնց ի վեր կը հնչեցնէ ահազանգը:
Օրէ օր նոր սկզբունքներ կը կիրարկուին, առողջապահիկ խիստ միջոցներ կը հետապնդուին. ախտածին մանուկներու համար լեռնային գաղթավայրեր կը հաստատուին, ու անտառային դասարաներ, ու բացօթեայ վարժարաններ, ու աշակերտական ագարակներ:
Այս բոլոր ճիգերուն նպատակն է այդ այլասերած մանուկներուն ուսմունքէ աւելի արեւ տալ, միտքէն աւելի մարմինն աշխատցընել, զիրենք կղզիացնել, չեզոքացնել, հեռացնել մտաւորական ասպարէզէն: Որովհետեւ վտանգը միայն անհատական չէ, այլեւ ընկերական: Իրենց հիւանդագին ու չարչրկուած ուղեղը գիտութենէն միայն թոյն կը ծծէ ու թոյն կարտածորէ: Իրենց մաղձոտ հոգին կը դառնացնէ նախ իրենց սեփական կեանքը, յետոյ իրեններուն կեանքը, ու յետոյ - ամբողջ ցեղի մը կեանքը:
Աշխարհիս բոլոր մարդասպաններն ու բոլոր չարագործները ձեռք ձեռքի տուած` պիտի չկրնային այնքա՜ն երիտասարդ, այնքա՜ն խոստմնալի, այնքա՜ն ընտրուած հոգիներ սպաննել քան Շոփէնհաուէր մը, Նիցշէ մը, Պայրըն մը…:
Այլասերած մանուկներու օրօրոցներուն մէջ պէտք է փնտռել անձնասպանութեան քարոզիչները, յոռետեսութեան առաքեալները, ապականութեան մարգարէները:
Անոնք կը ջլատեն գործունեութեան ամէն տենչ, երջանկութեան ամէն յոյս, սրբութեան ամէն հաւատք:
Անոնք չեն յառաջադիմեր այլ կոստնուն, չեն երազեր այլ կը զառանցեն, չեն օրհներ այլ կը նզովեն, չեն սիրեր այլ կը տռփան:
Իրենց երգը հայհոյանքի մը պէս ամբարտաւան է, իրենց ժպիտը հեգնութեան մը պէս վիրաւորիչ:
Օրինա՞կ կուզէք: Բայց ամէ՛ն ազգերէ աւելի Հա՛յ մտաւորականութիւնը կը վխտայ այս բացասական հանճարներով:
Գիտեմ որ հին մշակոյթ ունեցող ցեղերու համար այլասերումը տիեզերական օրէնք մըն է: Գիտեմ որ մեզ նմանող հին ու անտէրունջ ցեղ մը` ինչպէս են Հրեաները` նոր ազգերէն քառապատիկ աւելի խենթ կը ծնցնէ: Սակայն այդ ափ մը Հրեայ ցեղը ավելի բազմաթիւ հանճարներ տուաւ աշխարհին` քան ամբողջ եւրոպական ազգերը` ձեռք ձեռքի տուած…:
Մենք ալ իրենց պէս ինչո՞ւ չկարենայինք տալ միակ Հայ հանճար մը որուն գոյութիւնով սա խրոխտ Եւրոպան հպարտանար, եւ համայն մարդկութիւնը բանո՛վ մը գոնէ պարտական ու երախտագէտ ըլլար մեզի:
Կէս-հանճարներ շա՜տ: Բայց երբ փոքրիկ ցեղի մը մտաւորական բանակը տաղանդաւոր փոքրիկ վիժուկներով միայն կը լենայ` անհանդուրժելի, գայթակղեցուցիչ, դատապարտուած ցեղ մը կ¥ըլլայ այն:
Զգո՜յշ, զգո՜յշ:
Եթէ Եւրոպան է որ կը հնչեցնէ այլասերումի ահազանգը, մի՛ մոռնաք որ այդ սարսափելի ախտը ամէնէն առաջ մե՛ր ցեղին կը սպառնայ` իբրեւ հին ցեղի մը:
Ու մենք` փոխանակ արմատախիլ ընելու, տգիտօ՛րէն կընտրենք է՛ն ախտաւարակ ծիլերը ու զիրե՛նք միայն կը մշակենք:
Այն բոլոր առոյգ, պայքարող, զուարթ ու աչքաբաց երիտասարդութիւնը որ կը լեցնէ մեր վարժարանները, կառնենք օր առաջ գործի տալու համար…: Իսկ այն քանի մը ճղճիմ, տժգոյն ու տխուր տղաքները, այն պատանի ծերունիները որ արեւէն ու պայքարէն խուսափելով` դպրոցի մութ անկիւններուն մէջ թուղթ կը մրոտեն, անոնք դպրոցէ դպրոց, երկիրէ երկիր, համալսարանէ համալսարան կը ղրկենք:
Խեղճե՜րը…: Անո՛նք կը լեցնեն պանդուխտ ուսանողի գերեզմանները, անոնք կը լեցնեն հարուստի նախասենեակները ու վաճառականի գրասենեակները. հիւանդանոցի խշտեակները անո՛նք կը լեցնեն…:
Ու կը պատահի մէզ ա՛յն ինչ որ ո՛չ մէկ քաղաքակիրթ ազգի չէ պատահած: Մեր գիւղացի ու շուկայի դասակարգը աւելի՛ մտացի է քան ա՛յն որ մտաւորական կը կոչուի. ընթերցողը աւելի ողջամիտ է քան գրողը. առաջնորդուողը աւելի հեռատես է քան առաջնորդողը. ուրիշ խօսքով` մարմինը աւելի խելացի է քան ուղեղը…:
Զարմանալի չէ ուրեմն որ ընթերցողները մեր մէջ հետզհետէ կը քիչնան: Այսօր արդեն աւելի գրող կայ, քան կարդացող:
Բնախօսական օրէ՛նք մէ որ մարմինը իր մեջէն քիչ-քիչ կը չեզոքացնէ, կանջատէ, կը վտարէ այլասերած մասերը:
Նոյն օրենքո՛վ միայն կարելի է բացատրել թե ինչո՞ւ մեր մտաւորականութեան ու մեր հասարակութեան միջեւ գտնուող կապը քիչ-քիչ կը բարակնայ: Ցեղը կը մնայ առաւել քան երբեք առո՛ղջը, ու իր մէջէն կը չեզոքանցէ, կանջատէ, կը վտարէ օտարացած ու այլասերած տարրերը: Գլուխը մարմնին կապող նիհար պարանոցը երթալով կը բարակնայ: Ու հեռու չէ գուցէ այն օրը երբոր վիզը փրթելով` մէր մտաւորականութիւնը անմարմին գլուխ մը պիտի ըլլայ միայն, եւ մեր ցեղը` անգլուխ մարմին մը…:
Չէ՞ք տեսներ արդեն թե ի՜նչպէս շատ մը գրագետներ լիրբ քաջութիւնը ունին յայտարարելու թե իրենք ժողովուրդին համար չէ՛ որ կը գրեն:
Ո՛չ, հոտին ու հովիւներուն միջեւ անհասկացողութիւնը երբեք այսքան մեծ չէր եղած:
Գառնուկի պէս անզէն ցեղ մը ամէ՛ն օր, ամէ՛ն օր կը յօշոտուի: Իսկ մեր գամբռները խելօքցեր, փիլիսոփայացեր, քաղաքակրթուեր են, տիեզերական եղբայրակցութեան մը խօսքեր կ¥ընեն մեզի, ու կ¥երազեն այն հեռաւոր օրուան` ուր գայլ ու գառնուկ մէկտեղ կ¥արածուին…:
Մանուկի պէս տգէտ ցեղ մը ուսման կաթին է կարօտ, այն բարի ու անարատ ու սպիտակ կաթին որ հիւանդներն իսկ կարենային մարսել: Իսկ մեր համալսարանականները, որ մեր մտաւոր ստնտու մայրերը պիտի ըլլային, դեռ կերածնին չմարսած կու գան մեր առջեւ փսխելու…:
Որբուկի պէս անտէր ցեղ մը հուժկու, ու լուսեղ ու սիրտբուխ բարբառի մըն է ծարաւ: Իսկ մեր գրագէտները հանելուկային, առեղծուածային, խաւարակուռ բաներ կըսեն իրեն. ու մեր քերթողները` գրիչնին հայ արեան մէջ թաթխելէ վերջ` չինարեն տաղեր կը գրեն որպէսզի մա՛րդ չհասկնայ…:
Թռչունի պէս վիրաւոր ցեղ մը, փոքրիկ վիրակապի մըն է կարօտ` իր թեւերը նորէ՛ն բանալով միջոցին մէջ արծիւի պէս սաւառնելու համար: Իսկ մեր ընկերաբանները թո՜յն կը փչեն բոյներէն ներս, ու մեզ կը խօսին այն տարտամ ապագաներուն վրայ` ուր ազգն ու հայրենիք կը լուծուին համաշխարհային միջազգայնականութեան մը մէջ…:
Այսպէ՜ս էր նաեւ հին Յոյներուն մէջ: Երբոր հիւանդ մը փրկելու ամէն յոյս կը կորսուէր` բժիշկը կը հեռանար իր սնարէն, ու փիլիսոփայ մը կը նստէր հոգեվարքին մօտ, մահամերձը մխիթարելու համար այն հոյսով թե օր մը ամէ՛ն կեանք ու ամէ՛ն անհատականութիւն պիտի հալին տիեզերական գոյացութեան մը մէջ…:
Ո՛չ, մենք դեռ այդ օրին չհասանք, մենք դեռ ապրիլ կուզենք, մեզ հոգիի ու մարմնի բժիշկներ միայն պէտք են:
Հեռո՜ւ մենէ` ախտագին մտաւորականներ: Դուք ցեղին ուղեղն եք, բայց երբ այդ ուղեղը ուրիշ կերպ չի կրնար խորհիլ քան յուսահատեցնելով մեր կենսունակութիւնը, մենք պիտի փրցնենք ու նետենք այդ ուղեղը:
Մենք նոր միտքեր, նոր սիրտեր, նոր հոգիներ պիտի դարբնենք:
Մեզի կարմիր ու մսուտ շուրթերով, ուժեղ ու ժպտուն գրականութիւն մը պէտք է:
Մեզի առողջ ու երիտասարդ մտաւորականներ պէտք են: Ձուկն իր գլուխէն կը հոտի, ազգն` իր մտաւորականներէն: Անո՛նք են ցեղի մը գլուխը:
Կրնայ մարմինը շատ ուժեղ ու շատ գործունեայ ըլլալ, բայց երբ ուղեղը խաթարուած է` այդ մարմնին շարժումը պիտի ըլլայ միա՛յն յիմարական գործունեութիւն ¨ անպտուղ յոգնութիւն:
Ահա թե ինչո՞ւ իրական վտանգները թողլով` հովերուն դէմ ու մենք մեզ դէմ կը պայքարինք: Ահա թե ինչո՞ւ փոխանակ յառաջադիմելու` խենթերու պէս կեցած տեղերնուս վրայ կը ցատկենք երկու հազար տարիէ ի վեր…:
Այո, մեր ցեղը տարօրինապէս կենսունակ ու աշխատող ցեղ մըն է: Այո՛, մեր հնամենի նաւը դեռ ջուրերուն վրայ կը ծփայ, դեռ չընկղմեցաւ: Բայց ի՞նչ է պատճառը որ երէկուան նաւակները մեզ արդէն անցան, ու մենք Ուրուական Նաւին պէս կը ծածանինք դեռ, անխորասուզելի՜, բայց ¨ հաստատ ցամաքի մը հասնելու անկարող…:
Ասոր պատճառները շատ բարդ են անշուշտ: Բայց գլխաւոր պատճաներէն մէկն ալ ա՛յն է որ ղեկին գլուխը կը նստեցնենք մեր է՛ն ախտագին, է՛ն այլասերած, է՛ն անպէտ ծնունդները:
Սակայն ստո՜յգ, ստո՜յգ կըսեմ ձեզի, վտանգը մեծ է, շատ մեծ, աւելի՛ մեծ, քան կրնանք ենթադրել:
Ժամանա՛կն է հակազդելու, հակազդե՛նք:
Մեզի նոր Ոսկեդար մը պէտք է, նոր Ոսկեդա՜ր մը:
Այլասերո՞ւմ, ո՛չ, Վերածնո՜ւնդ…:

Լօզան, 1911